Կրպակ մը ունէինք մեր տան թաղին ծայրը, երկուորեակ եղբօրս հետ կը դարձնէինք խանութը: Երկուորեակ ըսելը դիւրին է: Մենք իրարու այնքան նման էինք, որ երբեմն մենք զմեզ ալ չէինք կրնար զանազանել իրարմէ: Մանկութեան շատ սիրով էինք իրարու հետ, ճարպիկութիւններ ընելով մայրս անգամ կը խաբէինք յաճախ, դպրոցական շրջանին մեր ընկերներն ու ուսուցիչները գիտնալով հանդերձ մեր իրարու շատ նմանիլը, զանազանելու համար մեզ ամէն միջոցի կը դիմէին, երբեմն նշաններ կը կախէին մեր վրայ, իսկ մենք՝ երկու եղբայր, կը փոխէինք այդ նշանները, շփոթ մը ստեղծելով իրենց մէջ:
Տնօրէնութիւնը նոյն դասարանը չէր դներ մեզ, խուսափելու համար անպատեհութիւններէ, մենք կ’օգտուէինք այդ կացութենէն, յաճախ քննութեան շրջանին դասը լաւ գիտցողը կը ներկայանար դասարան եւ, փոխադարձաբար, մեր դպրոցական նիշերն ալ երկուորեակներ էին:
Մեր խանութին թաղին մէջ նոր սափրիչ մը հաստատուեցաւ: Մտածեցի, դրացի ենք, ինչո՞ւ հեռու տեղեր երթամ: Քանի մը օր վերջ քովը գացի սափրուելու, սափրիչը ափ ի բերան մնաց: Զարմանքով ըսաւ. «Քառասուն տարուան սափրիչ եմ, կեանքիս մէջ այսքան արագ աճող մազի չեմ հանդիպած, հրաշք է այս, չեմ ուզեր վճարես»:
Մեր տաբատներուն համար եղբայրս գօտի, իսկ ես կախիչ կը գործածէի: Եղբայրս դուրսի առեւտուրի գործերով կը զբաղէր, ես ներսի յաճախորդներով: Դիմացի շէնքին մէջ բժիշկ մը կը հաստատուի: Պատուհանէն կը դիտէ եղեր մեր խանութը: Օր մը բժիշկը կը յայտարարէ իր դրացիներուն. «Այս դիմացի խանութպանը ուրիշ գործ չունի՞, խե՞նթ է, ներսը կախիչ կը գործածէ, դուրս կ’ելլէ, գօտի կը կապէ»: Իրականութիւնը կ’իմանայ շաբաթներ ետք, թէ՝ դիմացի խանութպանները երկուորեակ եղբայրներ են:
Առիթներ եղած են, որ մեր զաւակներն ալ շփոթած են իրենց հայրը հօրեղբօր հետ, բարեբախտաբար, կիները երբեք չշուարեցան, որովհետեւ նախակրթարանի վեցերորդ դասարան յաճախած տարիս, արկած մը անցուցի, գետին իյնալով ձախ ձեռքիս ցուցամատին ոսկորը կոտրեցի, ամիս մը կապուած մնալէ ետք քակեցին մատիս կապուած գաճը, բայց մատս մնաց շիփ-շիտակ, անծռելի: Եթէ ձախ ձեռքս բռունցքէի, կը կարծէին, որ բան մը ցոյց կու տամ, կամ հրաման կ’ուզեմ դիմացինէս խօսելու համար: Ամուսնացած օրերնիս մեր մատները ցոյց տուինք մեր կիներուն, առ ի ապահովութիւն իրենց բարոյականին: Մեր մտերիմ խօսակիցներն ալ մօտէն չէին խաբուեր, մեր աչքին նայելու փոխարէն, կը նայէին մեր ձախ ձեռքի մատին:
Եղբայրս ուզեց ինքն ալ իմ արկածիս պէս արկած մը ունենալ, չյաջողեցաւ, նոյնիսկ ուզեց իմ մահացած օրս ինքն ալ մահանայ, դարձեալ չյաջողեցաւ: Լաւ որ չյաջողեցաւ, որովհետեւ ինչե՜ր չէին կրնար պատահիլ ատկէ ետք, ամէն չարիքի մը անյաջողութեան մէջ բարիք մը կը ծնի եղեր:
Միասին ծնանք, միասին մեծցանք, միասին աշխատեցանք, միասին յոգնեցանք, քրտնեցանք, խաբեցինք ու ուրախացանք, բայց միասին չկրցանք մահանալ, մինչեւ եղբօրս գալը չեմ կարծեր, որ ուրախ մնամ: