ԹՈՔԻՕ, «Ռոյթըրզ».- Ինքնաշարժի աշխարհի կարեւորագոյն թերթերէն մէկը հանդիսացող The Automotive News Data Center շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, թէ 2006ի ամբողջական տուեալներուն համաձայն, ճափոնական «Թոյոթա» ընկերութիւնը աշխարհի տարածքին 8,808,000 ինքնաշարժ ծախած է, 76 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի տարածքին ամենաշատ ինքնաշարժ ծախող ընկերութեան տիտղոսը խլելով ամերիկեան «Ճի.Էմ.» ընկերութենէն, որ 2006ին «միայն» 8,679,860 ինքնաշարժ կրցած է ծախել:
Այս տարուան նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ ճափոնական ընկերութիւնը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը, ամերիկեան ընկերութեան հետ տարբերութիւնը աւելի լայցնելով:
Արդարեւ, մինչ ամբողջ 2006ին «Թոյոթա» մօտաւորապէս 128,000 աւելի ինքնաշարժ ծախած էր «Ճի.Էմ.»էն, այդ թիւը 90,000ի հասած է 2007ի առաջին քառորդին:
«Թոյոթա» կ’ակնկալէ մօտաւորապէս 9.34 միլիոն ինքնաշարժ ծախել 2007ին, մինչ «Ճի. Էմ.» նախատեսութիւնը՝ 9.2 միլիոն, աւելի «համեստ» է: