Յուլիս 1, 1846ին, Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին: Այս տարի կը տօնակատարուի անոր 160ամեակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, զանազան ձեռնարկներով: Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին անցեալ տարի մեծ շուքով տօնեց հիմնադրութեան 45ամեակը եւ այս տարի 17-19 Նոյեմբերին պիտի տօնէ 46րդ տարեդարձը: Փառաբանական տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2006ին, երեկոյեան ժամը 7ին. օրուան պատգամաբերն է Ֆրանսայէն՝ վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.