Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Թուրքերուն ուղին կ՛անցնի Շուշայով (Շուշի), Ջաբրայիլով եւ Զանգեզուրով՝ հին թրքական երկիր, ուր նահատակներու արիւն թափած է»:
Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութեան Պոլսոյ թղթակիցին համաձայն՝ Չաւուշօղլուն նաեւ քննադատեց Թուրքիոյ նախագահի ընդդիմադիր թեկնածու Քեմալ Քըլըճտարօղլուն՝ երթեւեկային նախագիծէն Ատրպէյճանը դուրս դնելուն համար:
«Այսօր Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, որ իրենք պատրաստ են ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Ղարաբաղը: Ի՞նչը կը մտահոգէ ձեզ, ի՞նչ կ՛ուզէք Ատրպէյճանէն» ըսաւ ան:
Չաւուշօղլու յիշեցուց, որ ժամանակակից Թուրքիան կը պաշտպանէ ոչ միայն իր, այլ նաեւ ամբողջ թրքական աշխարհի շահերը: