ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարի ընկերակցութեան նախագահ Սաւաշ Էղիլմէզ, ըստ «Միլլիյէթ» թերթին, հաղորդեց, թէ մեծաթիւ նամակներ կը ղրկուին ամերիկացի նշանաւոր դերասան Սիլվեսթր Սթալոնին, որ կը ծրագրէ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպը շարժապատկերի վերածել:
«Վէպը սուտերով լեցուն է, որովհետեւ ան, Վերֆէլ, զայն գրած էր մտիկ ընելէ ետք Լիբանանի ու Սուրիոյ ամենաազգայնապաշտ ու արմատական, ահաբեկիչ հայերուն», կ’ըսէ ան:
Էղիլմէզ դիտել տուաւ, որ հակազդեցութիւն ցոյց պէտք է տրուի նկարահանումէն առաջ, որովհետեւ եթէ նկարահանումը սկսի, գործը աւելի կը դժուարանայ։ «Հիմա բոլորս պէտք է անգլերէն նամակներ տեղացնենք ամերիկացի դերասանին եւ բացատրենք, թէ որքան ցաւալի է, որ ան դեր կը ստանձնէ այսպիսի ժապաւէնի մը մէջ», ըսաւ ան, հրապարակելով Սթալոնի ելեքտրական նամակի հասցէն։
«Մենք արտադրիչներուն արդէն ղրկեցինք փաստաթուղթեր այն մասին, թէ այդ թուականներուն ինչեր պատահած էին։ Մեր հայրենակիցները մեզի պէտք է օգնեն, որպէսզի արտադրիչները հրաժարին այս ծրագրէն», աւելցուց ան։