ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յունուար 2ին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակից նկատուող Թուրքիոյ մէջ եւս բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի մահափորձին դէմ: Ցոյցը կազմակերպուած էր Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ եւ անոր մասնակիցները կը կրէին Սատտամի նկարները, ինչպէս նաեւ «Միացեալ Նահանգներ ինքզինք կախեց», «Երկար ապրի Իրաքը. թող անիծուին բռնագրաւողները», «Ամերիկա պիտի խեղդուի Իրաքի մէջ» եւ նման լոզունգներ ունեցող պաստառներ:
Նկարին մէջ, Երեքշաբթի օրուան Պոլսոյ ցոյցէն տեսարան մը: