ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչ Քրէչմէր իր չորս տարուան աշխատաշրջանը աւարտեց ու շաբաթասկզբին հեռացաւ Թուրքիայէն:
Թուրքիոյ մէջ իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին, ան «Սի.Էն.Էն. թիւրք» կայանէն յայտնեց, թէ մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խիզախ քայլեր առնել ուզած է Եւրոմիութեան անդամակցութեան ճամբուն վրայ, զինուորականները արգելք հանդիսացած են անոր:
Քրէչմէր դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ աշխատելու ժամանակաշրջանին քանի մը առիթներով ժամադրութիւն խնդրած է զինուորականներէն, բայց ժամադրութիւն չէ տրուած իրեն։
Քրէչմէրի կարծիքով, վերջին չորս տարիներու ընթացքին կարեւոր յառաջդիմութիւններ արձանագրուեցան Թուրքիոյ մէջ, բայց այդ յառաջդիմութիւնները արձանագրուեցան արտաքին ճնշումներու հետեւանքով, իսկ Թուրքիոյ ներքին եռանդն ու կենսունակութիւնը շատ դանդաղ է այս մարզէն ներս։
«Բոլորս ալ գիտենք, որ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը քաջարի քայլեր առնէ, իր առջեւ կը գտնուին արգելքներ՝ ինչպէս բանակը, պետական դիւանակալութիւնը կամ երկրի զանազան մարմինները», ըսաւ ան:
Քրէչմէր Կիպրոսի հարցի շուրջ խօսելով ըսաւ, որ Թուրքիա չի կրնար Եւրոմիութեան անդամակցիլ, եթէ յամառի իր նաւահանգիստները փակ պահել Կիպրոսի յոյներուն առջեւ։