ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական տնտեսական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Թուրքիա Մայիս ամսուան դրութեամբ Միջազգային դրամական հիմնադրամին (IMF) ամենամեծ պարտք ունեցող երկիրն է:
Թուրքիա 1947ին անդամագրուած է հիմնադրամին եւ 1958ին իր առաջին համաձայնութիւնը ստորագրած է այդ կազմակերպութեան հետ։
Անգարայի տնտեսական գրասենեակի համաձայն, 2000ի սկիզբը 26 երկիրներ դրամաշնորհներու պայմանագրեր ստորագրած են հիմնարկին հետ, որոնցմէ միայն Թուրքիան ու Փերուն «կը շարունակեն բանտարկուած մնալ IMF կոչուած բանտին մէջ»։ Պրազիլ եւ Արժանթին նախորդող քանի մը տարիներուն, յաղթահարելով իրենց երկիրներուն մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամը, կրցած են «իրենց օձիքը ազատել այս կազմակերպութենէն»։ 1999էն ի վեր Թուրքիա Միջազգային դրամական հիմնադրամէն 43 միլիառ տոլար պարտք առած է զանազան նպատակներու համար եւ ցարդ վճարած է այդ գումարի 34.7 միլիառ տոլարը։ Այս շրջանին իբրեւ տոկոս վճարուած է նաեւ 5.6 միլիառ տոլար։