ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ես ցաւով կը փաստեմ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ամենաանգործունեայ կազմակերպութիւններէն մէկն է միջազգային միջնորդութեան հարցին մէջ», յայտարարեց ԵԱՀԿի մօտ Թուրքիոյ խորհրդարանական խումբի ղեկավար Նեւզաթ Եալչընթաշ եւ աւելցուց, որ դժուար է լուծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրը եւ ինք «վստահ է», որ Ատրպէյճան պէտք է պատրաստ ըլլայ պատերազմի:
«Ժամանակակից լեզուով՝ եթէ դուք չէք ուզեր հողեր կորսնցնել եւ խաղաղութիւն կ’ուզէք, պատրաստ եղէք պատերազմի: Ատրպէյճանը պէտք է պատրաստ ըլլայ իր հողերու պաշտպանութեան: Ատոր համար պէտք է ընել ինչ որ անհրաժեշտ է: Ի հարկէ, ներկայ դրութեամբ կարելի է յանգիլ հակամարտութեան խաղաղ լուծումին:
«ԵԱՀԿի հիմնական նպատակը հակամարտութիւններու լուծումն է խաղաղ միջոցով: Սակայն, եթէ կարելի չէ խնդիրը լուծել խաղաղ միջոցներով, Ատրպէյճանը պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն ինչի», յայտարարեց թուրք երեսփոխանը:
Միեւնոյն ժամանակ, ան զարմանք յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցարդ ապահովական համաձայնագիր չէ ստորագրուած: Իր խօսքերով, այդ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի, երբ միջազգային իրադրութիւնը թոյլ տայ: