ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Իլքէր Պաշպուղ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ իսլամականներ սպառնալիք դարձած են երկրին եւ ընդգծեց, թէ բանակը իրաւունք ունի անոնց դէմ կեցուածք որդեգրելու, հակառակ Եւրոպական միութեան գանգատներուն, թէ բանակը կը միջամտէ երկրին քաղաքական հարցերուն։
«Այսօր, կը ցաւիմ ըսելու, թէ իսլամական սպառնալիքը մտահոգիչ տարողութեան հասած է», ըսաւ Պաշպուղ Անգարայի զինուորական վարժարանի մէջ արտասանած իր ճառին մէջ։
«Կրօնը գաղափարախօսութեան վերածելը քաղաքականացում կը նշանակէ, եւ նման պարագաներու մեծագոյն վնասողը պիտի ըլլայ նոյնինքն կրօնը», ըսաւ Պաշպուղ։ Ան նշեց, թէ իսլամականները համբերութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կը քայքայեն աշխարհիկ կարգերը։
Յստակ էր, թէ զօր. Պաշպուղ կ՚ակնարկէր վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան, որ իսլամական արմատներ ունի: