ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին բացատրութիւն պահանջած են Ատրպէյճանէն, թրքահպատակ հայ դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի նկատմամբ ցուցաբերուած յոռի վերաբերումին կապակցութեամբ։
Պետիկեան թուրք նշանաւոր երգչուհի Սէրթապ Էրէնէրի ընկերակցած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած համերգի մը համար, սակայն Պաքուի օդակայանին մէջ Պուրակ Պետիկեան մեկուսացուած եւ յոռի վերաբերումի ենթարկուած էր հայկական ծագում ունենալու պատճառով։ Երկար ժամեր հոն պահուելէ ու հարցաքննուելէ ետք, Թուրքիա ետ ղրկուած էր։ Մեկուսարանին մէջ, անոր արտօնուած չէր նոյնիսկ պէտքարան երթալ:
Թուրքիոյ արտաքին նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ անցագիր կրող մէկու մը նկատմամբ ցուցաբերուած այս վերաբերումը «եղբայրական երկրէ մը չէր ակնկալուէր», իսկ Պաքու պատասխանած է, որ Պետիկեան առանց այցագրի (վիզա) Պաքու գացած էր: Սակայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները յիշեցուցին, թէ թրքահպատակները կրնան Պաքուի օդակայանէն իսկ ստանալ այցագիրը:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենք զիրենք արդարացնել ջանալով պնդած են նաեւ, թէ ժողովուրդը կրնար անհաճոյ ելոյթ ունենալ, եթէ համերգի ընթացքին յայտարարուէր դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի անունը։ «Հայաստանի հետ պատերազմական վիճակի մէջ ենք, 10 կամ 15 հազար ունկնդիրներով լեցուն սրահի մը մէջ հայկական անուան մը յիշատակութիւնը կրնար ճամբայ բանալ խռովութիւններու», ըսին անոնք։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը այս լուրը հաղորդած էր «Պաքուի մէջ խտրականութիւն» խորագիրով: Ենթախորագիրն էր՝ «Էրենէրի թրքահպատակ հայ դաշնակահարին դէմ գործուած մեծ ամօթ»:
Շարք մը լրատու աղբիւրներ, որոնք տուին այս լուրը, իրենց հաղորդումներուն մէջ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, Պաքուի դէպքը անուղղակիօրէն կապելով այդ հարցին: