ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցնող շաբաթավերջին, Անգարայի մէջ բացուեցաւ «Թուրքիա իր խաղաղութիւնը կը փնտռէ» թեմայով համագումար մը, որ կազմակերպուած էր առիթ տալու համար մտաւորականներու եւ քաղաքագէտներու, որ քննարկեն քրտական հարցն ու որոնեն երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները։
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ քրտական ծագումով ականաւոր թուրք գրագէտ Եաշար Քեմալի կողմէ, որ բաւական խիստ ելոյթ մը ունեցաւ, ընդգծելով, թէ թուրքը թուրքէ ուրիշ բարեկամներ եւս ունի, եւ անոնք քիւրտերն են։
Եաշար Քեմալի ելոյթը իր ամբողջ ծանրութիւնը դրաւ համագումարին վրայ, որովհետեւ հոն բաւական յստակ մեղադրանքներ ու խիզախ անդրադարձներ կային։
Դիտել տալով, որ 20րդ դարը եղած էր աղէտի տարի մը, քանի որ երկու աշխարհամարտեր պատահած էին, պատահած էր նաեւ երրորդ մը, որ Պաղ պատերազմ կը կոչուէր, նաեւ գործադրուած էին բազմաթիւ ցեղասպանութիւններ, Եաշար Քեմալ կը յայտնէր, որ ներքին պատերազմ մը կը շարունակուէր Թուրքիոյ մէջ։
Մինչ միւս պատերազմները տեւած էին չորս կամ հինգ տարի, Թուրքիոյ ներքին պատերազմը կը շարունակուէր 25 տարիէ ի վեր եւ թէ այդ ժամանակամիջոցի ընթացքին 30 հազար հոգի մեռած էր, աւելի քան 5000 գիւղերու մէջ տուներ հրկիզուած էին, այդտեղի բնակիչները ցրուած էին զանազան տեղեր, քիւրտ մտաւորականներ ընտրուած ու սպաննուած էին, անյայտ ոճրագործներով շարք մը ոճիրներ գործուած էին։ Անոր համաձայն, Թուրքիա այսքան զոհ պիտի չտար, եթէ մասնակցած ըլլար Համաշխարհային Բ. պատերազմին:
Քեմալ այնուհետեւ ըրաւ խիզախ դիտարկումներ ըսելով, որ այս պայքարը կոտրեց Թուրքիոյ մէջքը, երկիրը դարձաւ իր ժողովուրդին դէմ կռուող երկիր եւ հայդուկները «ահաբեկի»չ մկրտուեցան։
Յատկապէս այս վերջին հաստատումներուն դէմ բողոքի բուռն ձայներ բարձրացան զանազան կուսակցութիւններէ ու քաղաքական շրջանակներէ։ Իրաւագիտութեան գերիշխանութեան միութեան նախագահ Էրտէմ Աքէիւզ ըսաւ, որ «այս պատուական անձնաւորութիւնը ահաբեկիչը հայդուկ կոչեր է։ Ասիկա անընդունելի է։ Կ՚երեւի, թէ այս անձին իրաւունքը զլացած են։ Օրհան Փամուքը նմանօրինակ խօսքերով Նոպէլեան մրցանակ ստացած էր։ Եաշար Քեմալին ինչո՞ւ մրցանակ չէ տրուած տակաւին։ Այս յարգելիները տաքուկ սրահներու մէջ խաղաղութեան մասին կը խօսին, ուիսքի կը խմեն, բայց զերոյէն վար 30 աստիճան ցուրտին մէջ սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներուն մասին խօսք չեն ըներ։ Եաշար Քեմալ սխալ ըսեր է։ Պէտք է ըսէր, որ ահաբեկիչին անունը մտաւորական դրինք»։
Գրեթէ բոլոր քաղաքագէտները բաժնեցին Եաշար Քեմալի այն կարծիքը, թէ քիւրտերը թուրքերու բարեկամ են, բայց անընդունելի գտան հայդուկ բառին գործածութիւնը։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Էյիւպ Ֆաթսա ըսաւ. «Ես եւս կ՚ընդունիմ, որ այն բոլոր մարդիկը, որոնց հետ կ՚ապրինք, մեզի բարեկամներ են։ Անիմաստ է զանոնք թշնամի նկատել։ Բայց հայդուկ բառը չեմ ընդունիր»։