ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յունուար 16 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Իսրայէլի հետ գոյացուած է «նախնական համաձայնութիւն մը», որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ խողովակաշարերու ցանց մը կառուցել երկու երկիրներուն միջեւ, քարիւղ, բնական կազ եւ ջուր փոխադրելու համար Թուրքիայէն Իսրայէլ:
Հաղորդագրութեան մէջ չի նշուիր, թէ համաձայնութիւնը երբ պիտի վերջնականանայ, սակայն հոն կը տեղեկացուի, թէ համաձայնութիւնը գոյացած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Հիլմի Կիւլէրի այս ամսուան սկիզբը Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին:
Ըստ նախնական համաձայնութեան, Ռուսիայէն Թուրքիա երկարող բնական կազի խողովակին վրայ պիտի աւելնայ Թուրքիան Իսրայէլի միացող հատուած մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ռուսական բնական կազը Իսրայէլ հասցնել: Նաեւ կը նշուի, թէ նման քայլ մը կարելի է առնել ռուսական քարիւղը Իսրայէլ հասցնելու համար, իսկ ջուր փոխադրելու համար այլ խողովակաշար մը կառուցելու լաւագոյն ընտրանքը կը փնտռուի: