ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ դնելու հարցը քննող Թուրքիոյ եւ Իրաքի պատուիրակութիւնները յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով չկրցան քննարկումը վերջնականացնել եւ որոշեցին խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Ըստ բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրներու, Իրաք կ’ընդդիամանայ յատկապէս Թուրքիոյ այն պահանջին, որ թրքական բանակը ի հարկին հիւսիսային Իրաքէն ներս գործողութեանց դիմէ:
Պաշտօնատարներ Չորեքշաբթի օր յայտնեցին, որ Թուրքիա եւ Իրաք նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցած են հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու համար հակաահաբեկչական քայլերուն շուրջ: Թրքական «Էն.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնը քաղելով թրքական եւ իրաքեան աղբիւրներէն, հաղորդեց, որ համաձայնագիր պիտի ստորագրուէր Հինգշաբթի օր, սակայն վերջին վայրկեանին ծագած տարակարծութեանց պատճառով որոշուած է խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի Օգոստոսին Անգարա այցելութեան ընթացքին, Թուրքիա եւ Իրաք համաձայնած են քիւրտ ըմբոստները հիւսիսային Իրաքէն արմատախիլ ընել, սակայն Մալիքի յայտնեց, որ վերջին խօսքը Իրաքի խորհրդարանին կը պատկանի։
Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, Երեքշաբթի օր թուրք զինուոր մը սպաննուած է եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած, երբ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Թունչելիի նահանգ մէջ գտնուող թրքական բանակի մէկ կեդրոնին առջեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է:
Լրատու գործակալութիւնն ու թրքական բանակը յայտնեցին, որ թուրք զինուոր մը եւ չորս քիւրտ ըմբոստներ նաեւ սպաննուած էին՝ Իրաքի հետ սահմանին մօտ տեղի ունեցած երկօրեայ բախումներու ընթացքին։