ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին, Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի իշխանութիւնները փորձեցին վերջին քանի մը օրերուն գրաւեալ Կիպրոսի սահմաններուն շուրջ ծագած տագնապը մեղմացնել:
Թրքական բանակի հրամանատարը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Կիպրոսի ծովեզերքին մօտ թրքական յաւելեալ մարտանաւեր ղրկուած են:
Թրքական յաւելեալ մարտանաւերու մասին տեղեկութեանց հրապարակումէն անմիջապէս ետք Կիպրոս «գրգռութիւն» որակեց նման քայլ մը, սակայն աւելի ուշ յայտարարեց, թէ յաւելեալ մարտանաւեր չեն ղրկուած շրջանը:
Չորեքշաբթի օր Թուրքիա Լիբանանի սպառնաց, թէ «սուղ գին» պիտի վճարէ Կիպրոսի հետ ստորագրած սահմանագծումի համաձայնութեան համար: Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուց բողոքը, որուն մէջ դժգոհութիւն կը յայտնէ Լիբանանի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան՝ Կիպրոսի հետ ստորագրած համաձայնութենէն:
Կիպրոսի խորհրդարանը որդեգրած էր օրէնք մը, որուն հիմամբ իր ծովային սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքները կը բաժնէ 13 շրջանի՝ քարիւղի եւ բնական կազի որոնման աշխատանքներու սկսելու համար:
Միջազգային օրէնքը յարգելով՝ Կիպրոս այս առիթով ծովային սահմանները յստակացնող համաձայնութիւններ ստորագրեց արեւելեան Միջերկրականի իրեն մօտ գտնուող երկիրներուն հետ:
Անգարա կը բողոքէ, որ Կիպրոսի խորհրդարանի օրէնքին մէջ նկատի առնուած են նաեւ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի ծովային սահմանները: Հոն հաստատուած թրքական «հանրապետութիւն»ը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած տարածքն է, եւ ճանչցուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ:
Վերոյիշեալ բողոքին մէջ թրքական դեսպանատունը լիբանանեան իշխանութիւններու ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք ստորագրած են թրքական Կիպրոսի ծովային սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւն հանդիսացող փաստաթուղթը:
Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչեց Լիբանանի դեսպանը եւ անոր փոխանցեց այս գծով «ազդարարութիւնը»:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրագոյն պաշտօնատարներէն Հիշամ Տիմաշքիէ հանդիպումի մը հրաւիրած է Թուրքիոյ դեսպան Իրֆան Աճարը եւ անոր հաւաստիացուցած է, թէ Լիբանան նախանձախնդիր է պահպանելու Թուրքիոյ հետ իր «հրաշալի յարաբերութիւնները»:
Անգարա նման բողոքագիր մը յղած է նաեւ Կիպրոսի հետ նման համաձայնագիր մը կնքած Եգիպտոսի իշխանութիւններուն: