ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ հանրապետութեան 11րդ նախագահի ընտրութեան հարցը քաղաքական լուրջ վերիվայրումներու տեղի տուած է երկրէն ներս, պատճառ դառնալով, որ երկիրը խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու դիմէ:
Այս պայմաններուն տակ, անակնկալ մըն էր վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Երկուշաբթի, Յուլիս 9ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պատրաստ է ընդդիմութեան հետ քննելու նախագահի միացեալ թեկնածու մը ներկայացնելու հարցը:
Ըստ նոր ռազմավարութեան, Յուլիս 22ի կանխահաս ընտրութիւններէն ետք կազմուելիք նոր խորհրդարանին մաս կազմող բոլոր կուսակցութիւններու հետ շփումներ պիտի կատարուին եւ թեկնածուներու ցանկ մը պիտի ներկայացուի քննարկման, որպէսզի յաջորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանի մէջ աթոռ ունեցող բոլոր կուսակցութիւններու համաձայնութեամբ։
Վարչապետի այս յայտարարութիւնը նախ վերապահութեամբ դիմաւորուեցաւ, սակայն Երեքշաբթի օր գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու այդ քննարկումներուն:
Կուսակցութեան ղեկավարը Տէնիզ Պայքալ շեշտեց, որ յաջորդ խորհրդարանին մէջ նախագահի ընտրութեան համար համախոհութիւն պէտք է գոյանայ։
«Համախոհութիւն գոյացնելու պատրաստ պիտի ենք։ Բոլորս միասին պէտք է փնտռենք նախագահ մը, զոր ընդդիմութիւնն ու ժողովուրդը պիտի հանդուրժեն։ Նոր նախագահը կրնայ նաեւ խորհրդարանէն դուրս անձ մը ըլլալ», ըսաւ Պայքալ։
Մէկ օր առաջ, ընդդիմադիր կուսակցութիւնը առաջարկած էր, որ նախագահին պարտականութիւններուն եւ սահմանադրական պարտաւորութիւններուն վերաբերող կէտերուն բարեփոխումի փորձը կատարել ընտրութիւններէն ետք։