ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Աթիլլա Քոչ Կիրակի, Դեկտեմբեր 17ին խորհրդարանի իր ելոյթի ընթացքին յայտնեց, թէ վերանորոգուած Աղթամարի եկեղեցին պիտի բացուի Ապրիլ 24ին, ճիշդ այն թուականին՝ զոր հայերը կ՚ընդունին իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր։
Ան ըսաւ, որ իր նախարարութիւնը կը գործէ ամէն կողմ, «Անը»ի աւերակներէն մինչեւ Գաշ։ Այս արտայայտութեան դիմաց թուրք երեսփոխան մը յիշեցուց, որ այդ աւերակներուն անունը «Անը» չէ, այլ «Անի» է։ Քոչ ըսաւ, որ «Անի» անունը «ուրիշ բաներ կը յիշեցնէ» եւ այդ պատճառաւ ինք կը նախընտրէ «Անըի աւերակները» կոչել զանոնք…
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է լուր մը, ըստ որուն, Էրզրումի Աթաթիւրք համալսարանի Գեղարուեստից մասնաճիւղի փոխնախագահ Թահսին Փարլաք պնդած է, թէ իր պրպտումներու հիման վրայ երեւան հանած է, որ արեւելեան նահանգներու բազմաթիւ եկեղեցիները կը պատկանին… թուրքերուն։
Փարլաք յայտնած է, որ ԺԲ. եւ ԺԴ. դարերու միջեւ, շրջանը գտնուած է չըլտըր աթապէյցիներու տիրապետութեան տակ եւ այդ շրջանին այս տարածքին վրայ կառուցուած եկեղեցիներու վրայ քանդակուած գիրերը, զարդանկարներն ու գծանկարները յար եւ նման են Միջին Ասիոյ մէջ կէօքթիւրք եւ ույղուրներու կողմէ
գծուած նկարներուն…
Փարլաքի համաձայն, ղըպչաքի թուրքերը այդ տարածքին վրայ 300 տարի ապրած են իբրեւ քրիստոնեաներ, կառուցած են բազմաթիւ եկեղեցիներ, իսկ իսլամութիւնը ընդունելէ ետք, եկեղեցիներուն մէկ մասը վերածած են մզկիթի…
Պոլսոյ պատրիարքը հակազդելով այս յայտարարութեան ըսած է, որ այս պնդումներուն դիմաց «ագռաւներն անգամ կը խնդան»։ Պատրիարքը ըսած է, որ Թուրքիոյ համալսարանները այսքան ծիծաղելի կացութեան պէտք չէ մատնուին։ «Ուր որ է պիտի պնդուի, որ հայ ժողովուրդը երբեք չէ ապրած Անատոլուի հողերուն վրայ, մինչ գիտենք, թէ այս հողերուն վրայ հայերը ունին 2650 տարուան պատմութիւն։ Իր գործերով համբաւաւոր մեծ գիտնական Մաղաքիա արք. Օրմանեան պատրիարք Անատոլուէն հաւաքած է բազմաթիւ վաւերական տուեալներ։ Օրմանեանի վիճակագրութիւններուն համաձայն, Անատոլուի եւ Թրակիոյ մէջ կ՚ապրէին 1,766,000 հայեր, որոնք եկեղեցիներու տուրք կը վճարէին։ 45 եկեղեցական վիճակներու մէջ գոյութիւն ունէին 2167 հայ ուղղափառ եկեղեցիներ եւ 155 հայ ուղղափառ վանքեր։ Երկրին մէջ կ՚ապրէին նաեւ 66,000 կաթողիկէ եւ 39,900 բողոքական հայեր։ Այս թիւերը կու գան այդ շրջանին հրապարակուած եւ արդէն իսկ պետութեան գրաքննարկութենէն անցնելով հաստատուած վիճակագրութիւններէ», ըսաւ ան։
Պատրիարքը աւելցուց, թէ արեւելեան Անատոլուի եկեղեցիները հայկական են եւ երկգլխանի արծիւի եւ արեւի նշանները հայերու կողմէ մինչեւ այսօր կը գործածուին։