ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձէն ետք կասկածելի նկատուածներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ ազգայնամոլ Էրհան Թունճէլ։ Սակայն վերջին քանի մը օրերուն Թունճէլի մասին տեղեկութիւնները տարբեր ուղղութիւն մը ստացան, որովհետեւ բացայայտուեցաւ, որ ան Տրապիզոնի մէջ «ՄըքՏանըլտզ» ճաշարանի ռմբահարումէն ետք կ՚աշխատէր ոստիկանութեան հաշւոյն:
Թունճէլ տարի մը առաջ ոստիկանութեան տեղեկացուցած էր, թէ Տինքի մահափորձին գլխաւոր ծրագրողը նկատուող Եասին Հայալ, որ 11 ամիս բանտարկուած էր «ՄըքՏանըլտզ» ճաշարանը ռմբահարելուն պատճառով, կը ծրագրէր Հրանդ Տինքը սպաննել տալ։
Հակառակ այս տեղեկութեան փոխանցումին, ոստիկանութիւնը որեւէ միջոցի չէ դիմած այդ մահափորձը կանխելու համար։
Այժմ Թուրքիոյ ապահովութեան իշխանութիւնները սկսած են քննել, թէ որո՞ւ պատճառով Թունճէլի փոխանցած տեղեկութիւնները անտեսուած էին:
Տինք եւս իր դէմ եղած սպառնալիքներուն հարցով ոստիկանութեան դիմած էր իր ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցով, սակայն իշխանութիւնները անտեսած էին այդ դիմումը եւս:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր երկու կասկածելիներ եւս հսկողութեան տակ առնուեցան Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ։