ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռաս Ուիլսընի հետ հանդիպման մը ընթացքին քննարկեց շրջանային բազմաթիւ հարցեր, որոնց մաս կը կազմէին Իրաքի կացութիւնն ու Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցը։
Կիւլ յիշեցուց, որ Անգարա ներկայիս շատ մտահոգ է դեմոկրատներու ապահոված յաղթանակով, որովհետեւ շատ հաւանական է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը դարձեալ Քոնկրէսի օրակարգին վրայ գայ:
Կիւլ ազդարարեց, որ եթէ Քոնկրէսի դեմոկրատ մեծամասնութիւնը ընդունի բանաձեւը, «շատ լուրջ վնաս կը կրեն Թուրքիա-Ամերիկա ռազմավարական յարաբերութիւնները»։
Ամերիկայի դեսպանը դիտել տուաւ, որ իր կառավարութիւնը շատ լաւ կը հասկնայ Անգարայի այս մտավախութիւնը, եւ պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի կարենայ արգելք հանդիսանալ բանաձեւին վաւերացման։ Սակայն ան աւելցուց, թէ կառավարութիւնը որոշ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի Նոյեմբերի ընտրութեանց արդիւնքներուն պատճառով: