ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը Հինգշաբթի, Յուլիս 5ին մերժեց ջնջել սահմանադրական փոփոխութիւններու այն թղթածրարը, որ կ’առաջադրէ այսուհետեւ երկրին նախագահը ընտրել ուղղակի ժողովուրդին կողմէ։ Նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէր եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը միասնաբար դիմում կատարած էին Սահմանադրական ատեանին, այս թղթածրարը ապօրինի համարելու համար, սակայն ատեանը 5ի դէմ վեց քուէներով մերժեց դիմումը։
Ուրեմն, եթէ խորհրդարանը նոր որոշում մը չտայ, ապա Հոկտեմբերին հանրաքուէ պիտի կազմակերպուի ժողովուրդի կողմէ նախագահը ընտրելու, խորհրդարանական ընտրութիւնները հինգ տարուան փոխարէն չորս տարին անգամ մը կազմակերպելու եւ խորհրդարանի բոլոր նիստերը 184 երեսփոխաններու ներկայութեան պարագային օրինական նկատելու հարցերուն մասին։
Ըստ քաղաքագէտներու, Սահմանադրական ատեանի այս վճիռը նոր անորոշութիւններ պիտի ստեղծէ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ։
Յուլիս 22ին կայանալիք խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններէն ետք, նոր խորհրդարանը 40 օրուան ընթացքին պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը, հակառակ պարագային խորհրդարանը պէտք է լուծուի եւ ընտրութիւնները պէտք է կրկնուին։ Այդ պարագային խորհրդարանի ընտրութիւնն ու սահմանադրական բարեփոխումներու թղթածրարին շուրջ հանրաքուէն կրնան միասնաբար կատարուիլ։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ ողջունեց Սահմանադրական ատեանի վճիռը: «Այժմ ժողովուրդին պիտի հարցնենք եւ գրեթէ վստահ ենք արդիւնքէն։ Եթէ ժողովուրդը ընտրէ, կասկած չունիմ, որ առաջին իսկ փուլին նախագահ պիտի ընտրուիմ», ըսաւ ան: