ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սամսունի մէջ երկյարկանի շէնքի մը մէջ գործող Ակոբէ եկեղեցիի միութեան շէնքին ապակիները քարկոծուեցան անծանօթներու կողմէ, իսկ միութեան ցուցատախտակը սեւ ներկով ներկուեցաւ, նոր օղակ մը աւելցնելով ատենէ մը ի վեր Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ քրիստոնէական եկեղեցական գործունէութեան դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ։
Սամսունի Ակոբէ եկեղեցական միութեան վարիչներէն Մէհմէտ Օրհան Պչաքճըլար յայտնեց, թէ այս յարձակումը դարձեալ կ՚արատաւորէ Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան սկզբունքը։ Ան ըսաւ, որ միութեան անդամները մեծամասնութեամբ թուրք հայրենակիցներ են եւ նմանօրինակ յարձակումները շատ աննպաստ տպաւորութիւն մը կը ստեղծեն Թուրքիոյ մասին։