ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 324 մտաւորականներ, որոնց մէջ կը գտնուին յայտնի գրող Եաշար Քեմալ, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքոլու, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով պահանջեցին, որ քրտական հարցին մէջ գործածուի խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի լեզուն։ Անոնք դիտել տուին, որ փորձառութիւնը ցարդ ցոյց տուած է, որ բիրտ միջոցներով ոչինչ կը լուծուի այս խնդրին մէջ։
Մտաւորականները դիտել տուին, որ հակառակ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հռչակած զինադադարին, սպանութիւնները կը շարունակուին:
Իշխանութիւնները պէտք է ընդունին մարդոց ապրելու իրաւունքը յարգող ռազմավարութիւն մը, որու ընթացքին զէնքերը պէտք է լռեն, շեշտեցին անոնք։
Մտաւորականները քննադատեցին զինուորականներու այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, քիւրտ անջատողականներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ «մէկ հատ իսկ ահաբեկիչ չմնայ»։ Այսպիսի յայտարարութիւնները շրջանին մէջ ամէն ինչ զինուորական ուժերէ կախեալ կը դարձնեն, մինչդեռ այս հարցին լուծումը պիտի գտնուի ժողովուրդին կողմէ եւ այս հողերուն վրայ, ըսին անոնք:
Մտաւորականները շեշտեցին նաեւ, թէ քիւրտերը իրենց ներկայացուցիչը պէտք է ունենան խորհրդարանին մէջ, եւ այդ պատճառով պէտք է փոխել ընտրական այն օրէնքը, որ արգելք կը հանդիսանայ քիւրտերու խորհրդարան մտնելուն։