ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Անգլիական Economist թերթը իր կողքին վրայ հրատարակած է Թուրքիոյ դրօշակին վրայ պատկերուած նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ուրուագիծը` «Թուրքիոյ Երեւցող Բռնատիրութիւնը. Յատուկ Զեկոյց Էրտողանի Կայսրութեան Մասին» խորագիրով: Նոյն վերնագիրով յօդուածին մէջ թերթը կ՛անդրադառնայ Մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Դուրսէն դիտողները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, որոնք, Էրտողանի որոշումով, տեղի պիտի ունենան 14 Մայիսին: Աստիճանաբար աւելի անհաւասարակշիռ դարձող նախագահին օրով երկիրը աղէտի եզրին հասած է: Ընտրութիւններուն ընդառաջ, Էրտողանի գործողութիւնները արդէն թերի ժողովրդավարութիւն ունեցող երկիրը կրնան տանիլ դէպի բռնապետութիւն», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Այնուհետեւ, յօդուածին մէջ ծաւալուն կերպով անդրադարձ կը կատարուի Էրտողանի վարած քաղաքականութեան աստիճանական փոփոխութեան վրայ՝ յիշեցնելով, որ անոր՝ 2003ին վարչապետ դառնալէն ետք, եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ տնտեսական կայունութիւն հաստատուեցաւ, զօրավարներուն արգիլուեցաւ միջամուխ ըլլալ քաղաքականութեան եւ քիւրտերուն հետ երկխօսութիւն սկսաւ:
«Սակայն պարոն Էրտողան որքան երկար մնաց իշխանութեան ղեկին, այնքան աւելի մենատէր դարձաւ: 11 տարի վարչապետ ըլլալէ ետք, ան նախագահ ընտրուեցաւ եւ նախապէս տկար այս պաշտօնը սկսաւ վերածել բռնաճնշումներու գործիքի: 2016ի յեղաշրջումի փորձէն ետք, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պաշտօնանկ եղան կամ ձերբակալուեցան», կը գրէ թերթը՝ աւելցնելով, որ ան նաեւ բանտարկած է բազմաթիւ քննադատներ, ներառեալ՝ ընդդիմութեան առաջնորդներ ու իշխող կուսակցութեան մէջ չէզոքացուցած է իր մրցակիցները:
«Անոր տարօրինակ համոզումները արագօրէն կը դառնան հանրային քաղաքականութիւն», կ՛եզրափակէ թերթը: