Եւրոմիութեան կազմութեան ամբողջ ընթացքին, կատարուած իրերայաջորդ անդամակցութիւններու մԷջ գուցէ ամենաբարդ քննարկումները կը վերաբերին Թուրքիոյ անդամակցութեան։
Թրքական կողմը եւս կը նկատէ այդ մէկը, բայց երեւոյթը ծուռ հայելիի մէջ կը ներկայացնէ եւ Թուրքիոյ հանդէպ Եւրոմիութեան խստապահանջ վերաբերմունքը կը մատուցէ որպէս խտրականութիւն, Եւրոմիութիւնը «քրիստոնէական ակումբ»ի վերածելու միտում ու Թուրքիոյ անդամակցութիւնը դժուարացնելու ճիգ։
Խորքին մէջ, Թուրքիոյ հանդէպ Եւրոմիութեան խստապանջութիւնը կը բխի Թուրքիոյ կրած պատմական ծանր բեռէն, որուն հետ Թուրքիա յամառօրէն կը մերժէ հաշուի նստիլ։ Հակառակ Թուրքիան եւրոպականացնելու քեմալական արուեստական մեկնակէտին, քեմալիզմը իբրեւ անվիճելի արժէքներ դաւանած Թուրքիան շատ հեռու է եւրոպական չափանիշներէն, որովհետեւ պատմութեան հետ հաշուի չնստիլը եւ 20րդ դարու սկիզբներուն մէջ սառած մնալու Թուրքիոյ յամառութիւնը նոյնինքն քեմալիզմէն եկած կապանքներ են, որոնք այսօր Եւրոմիութեան անդամակցութեան գլխաւոր խոչընդոտներ կը հանդիսանան։
Սեպտեմբեր 26ին Եւրոխորհրդարանին ներկայացուած Քամիէլ Ըրլինկզի զեկոյցը պարզապէս վերջին ապացոյցն էր վերոնշեալ հաստատումին։ Այդ զեկոյցը նաեւ ապացոյց էր եւրոպացիներու վճռակամութեան, որուն առջեւ Թուրքիա եւրոպական չափանիշները ընդունելէ զատ՝ այլ ելք չունի, եթէ դեռ իր առաջնահերթութիւններուն մէջ կը պահէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցը։ Եւրոպացիները վճռական կ՚երեւին շարք մը հարցերու նկատմամբ, ինչպէս օրինակ՝ մարդու իրաւունքներ, խօսքի ազատութիւն, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ, եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձ եւայլն։ Հակառակ որ քննարկումներուն արդիւնքով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայմաններուն մէջ տեղ չգտաւ, սակայն վերոնշեալ քննարկումներու կարեւոր թիրախներէն մէկն էր քրէական օրէնքներու թիւ 301ը, որուն հիման վրայ է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը արծարծող բազմաթիւ մտաւորականներ դատական քաշքշուքի մէջ ներքաշուած են՝ «թրքութիւնը վարկաբեկելու» մեղադրանքով։
Սեպտեմբեր 26ին ներկայացուած, զեկուցողի բնութագրումով՝ «արդար, բայց խիստ» զեկոյցը եւ անոր յաջորդող քննարկումներու ամբողջութիւնը երկու կարեւոր խնդիրներ կը թելադրեն։ Առաջին խնդիրը հասցէագրուած է իր Հայ Դատի յանձնախումբերով Թուրքիոյ անդամակցութեան խնդրին հետեւող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսութեամբ ու քաղաքական հայեացքներով Հայ Դատի հետապնդման հարցին կրողը հանդիսանալով եւ Եւրոպայի մէջ այդ գործին աշխուժօրէն լծուած գրասենեակ հիմնելով, անկասկած որ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին ընդմէջէն քեմալիզմին յամառօրէն կառչած այս պետութիւնը իր պատմութեան հետ հաշուի նստեցնելու իմաստով կարեւոր դեր ստանձնած է։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը հանդիսացող՝ ընկերվարութեան բերումով լիիրաւ անդամ է նաեւ այդ գաղափարախօսութիւնը կրող կուսակցութիւններու համախմբումին՝ Ընկերվար Միջազգայնականին։ Ուստի, բնական է, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան քննարկումներուն ժամանակ գաղափարակից եւրոպական կուսակցութիւններուն թոյլ եւ ոչ-խստապահանջ կեցուածքը պիտի մտահոգէ էապէս ընկերվարական ու պահանջատէր հայկական այս կուսակցութեան։ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին վերաբերող քննարկումներու լոյսին տակ, քաղաքական տարբեր շրջանակներու մօտ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, Ընկերվար Միջազգայնականի անդամի իր առաւելութիւնները ի գործ դնելով, Հ.Յ.Դ.ն այսօր ընելիք ունի իր գաղափարակից եւրոպական կուսակցութիւններու կեցուածքը սրբագրելու ուղղութեամբ։
Վերոնշեալ քննարկումներէն բխած երկրորդ խնդիրը հասցէագրուած է թրքահայութեան, աւելի ճշգրիտ՝ Պոլսոյ պատրիարքարանին, որպէս հայութեան այս հատուածի միակ կազմակերպ կառոյց։ Ներկայացուած բոլոր իրերայաջորդ զեկոյցները, կատարուած ելոյթներն ու յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ձգտող Թուրքիան չի կրնար խուսափիլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ապահովելու պատասխանատուութենէն։ Իբրեւ այս երկրի կարեւոր փոքրամասնութիւններէն մէկը՝ թրքահայութիւնը այժմէն իր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու կարողականութիւնը պէտք է ձեռք բերէ։ Սակայն, թրքահայութեան այդ կարողականութեան կազմաւորումը ներկայ կառուցուածքը վերաձեւաւորել կ՚ենթադրէ։ Այդ վերաձեւաւորումին մէջ թրքահայութիւնը պարտաւոր է դուրս գալ «պոլսահայութիւն» ներկայ աւելի նեղ կարգավիճակէն եւ իր ընդհանրութիւնը աւելի ցցուն դարձնէ։ Այդ վերաձեւաւորման մէջ թրքահայութիւնը պէտք յաջողի ինքզինք դուրս հանել քրիստոնեայ համայնքի մը շատ նեղ պատկերի ծիրէն եւ վերականգնէ երբեմնի ազգային-մշակութային աւելի ընդգրկուն դիմագիծը, որուն բաղադրիչներէն մէկն է եկեղեցին եւ կրօնը։
Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ եղած քննարկումներուն այս զոյգ թելադրանքներուն գիտակցելով, հայութիւնը կը յաջողի Թուրքիոյ պարտադրել իր պատմութեան հետ հաշուի նստիլը, այլապէս՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս նախապայման Թուրքիոյ առջեւ դնելու հարցով վերջին կատարուածը Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ձախողութիւն մը կը նկատուի։