Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ, չափաւորական-պահպանողական Քէօքսալ Թոփթան լայն մեծամասնութեամբ մը ընտրուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ։
Ի տարբերութիւն նոյն կուսակցութեան այլ անդամներու, ան իսլամական անցեալ մը չունի եւ անոր կինը լաչակաւոր չէ։ Փրոթոքոլի տեսանկիւնէն դիտուած, Քէօքսալ Թոփթան ներկայիս կը վարէ Թուրքիոյ պետական երկրորդ բարձր դիրքը։ Անոր ընտրութիւնը կը նկատուի Թուրքիոյ աշխարհիկ ուժերուն նկատմամբ զիջում մը։
Նախքան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամակցիլը, 64ամեայ Թոփթան իբրեւ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար ծառայած է նախկին պահպանողական կառավարութեանց մէջ։ Ան 550 անդամ հաշուող Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստացաւ 450 քուէ։ Անոր մրցակիցը ստացաւ 74 քուէ, իսկ 11 քուէ անվաւեր նկատուեցաւ։ Թոփթանի առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նախագահել Թուրքիոյ յաջորդ նախագահի ընտրութիւններուն յատկացուած խորհրդարանական նիստին։
Մայիս ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ իր մտերիմ բարեկամն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլը նախագահութեան պաշտօնին հասցնելու փորձը Թուրքիան մղեց խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու, որմէ վարչապետ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յստակօրէն դուրս եկաւ իբրեւ յաղթական կողմ։
Ներկայիս Էրտողան պէտք է որոշէ, թէ Ապտալլա Կիւլը դարձեալ թեկնածու ներկայացնելով կ՚ուզէ՞ բախում յառաջացնել աշխարհիկ կարգերու պաշտպաններուն հետ, որոնք իր կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն վերաբերեալ կասկածներ ունին։