Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մասին Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուցած բանաձեւին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայման դարձնելու առաջարկը բանաձեւին վերջնական օրինակէն վերցնելու համար աշխատանքին դէմ նամակ մը յղուած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն, որուն տակ ստորագրած են Եւրոպայի տարածքին գործող 261 հայկական կազմակերպութիւններ:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ եւրոպահայութիւնը մօտէն կը հետեւի Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն եւ կը դատապարտէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նախապայմանը Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւէն դուրս բերելու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած ճնշումները:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ Եւրոպական խորհրդարանը անցեալ տարի եւս դրած էր այս նախապայմանը եւ անհիմն են Թուրքիոյ այն պնդումները, թէ պէտք չէ անդամակցութեան համար նոր պայմաններ ճշդուին:
Նաեւ կը յայտնուի, թէ Եւրոխորհրդարանին կողմէ նման նահանջ մը մը պիտի տկարացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար Թուրքիոյ մէջ կարգ մը մտաւորականներու տարած աշխատանքը, մինչ միւս կողմէ Թուրքիոյ պետութիւնը կը շարունակէ իր ուրացման քարոզչութիւնը:
«Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը ոչ միայն եւրոպական արժէքներու ոտնակոխում մըն է, այլ նաեւ ցուցանիշ մըն է ազգայնամոլութեան մը, որ վտանգ կը սպառնայ մեր ընկերութեանց եւ երեխաներուն», կ’եզրակացնէ նամակը, միաժամանակ կոչ ընելով Եւրոպական խորհրդարանին, որ առանց փոփոխութեան վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան նախապայման դարձնող Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը: