ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկու կասկածելիներ՝ Վոլքան Քարաովա եւ Եըլմազ Ճան Էօզալփ, որոնք Հրանդ Տինքի մահուան քառասունքին օրը Գումգաբու թաղամասի հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ կրակած ըլլալու ամբաստանութեամբ դատարան յանձնուած էին, Երկուշաբթի, Յուլիս 30ին դատարանին կողմէ ազատ արձակուեցան, հակառակ որ անոնք խոստովանեցան, թէ հոն գացած էին Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքին վրայ կրակելու նպատակով։
Երկու ամբաստանեալները Յուլիսի սկիզբը դատավարութեան առաջին նիստի ընթացքին ըսած էին, որ եկեղեցիին բակէն ներս մտած էին պարզապէս խոյս տալու համար քանի մը վատահամբաւներու ձեռքէն։ Սակայն յաջորդ նիստին Էօզալփ փոխեց այս յայտարարութիւնը եւ ըսաւ, որ ինք այդպէս ըսած էր պարզապէս չպատժուելու համար եւ ընդունած էր, թէ իրենք հոն գացած էին պատրիարքին վրայ կրակելու նպատակով։
Դատարանը, նկատի առնելով, որ արդէն բաւականաչափ փաստ հաւաքուած էր ու նաեւ նկատի առնելով ամբաստանեալներուն հսկողութեան տակ մնացած ըլլալու ժամանակաշրջանը, որոշեց ազատ արձակել երկու կասկածելիները։