ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ին հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցի ընթացքին, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան յայտարարեց, թէ «Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացի ծիրէն ներս ներկայացուող հերթական զեկոյցին մէջ Հայկական հարցը ոչ մէկ ձեւով արծարծուած է»: Ան առիթը ունեցած է ծանօթանալու զեկոյցի նախնական տարբերակին:
Հիլտա Չոպոյեան շարունակեց ըսելով, որ «զեկոյցին մէջ յատկապէս տեղ գտած է Թուրքիոյ կողմէ ԵՄ անդամ Կիպրոսի շրջափակման խնդիրը, սակայն Հայ Դատի Յանձնախումբը պիտի շարունակէ պայքարիլ, որպէսզի Հայկական Հարցէն բխող չափանիշները եւս ներառուին զեկոյցին մէջ»:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետը նաեւ տեղեկացուց, որ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները յառաջիկային նախատեսած են հանդիպումներ Եւրոխորհրդարանի անդամներու, յատկապէս զեկոյցը ներկայացնող հոլանտացի քրիստոնեայ-դեմոկրատ Օյմէն Կոյթըն Կիայի հետ:
Թուրքիոյ անդամակցութեան վերաբերեալ հերթական զեկոյցը Եւրոխորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովէն ներս քննարկուելէ յետոյ միայն պիտի ներկայացուի Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին՝ առ ի քննարկում: Իսկ այս նիստը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի կէսերուն:
Նոյն ամսուան ընթացքին, լոյս պիտի տեսնէ Եւրոյանձնաժողովի՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին զեկոյցը: