ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ».- Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու հարցով Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովին ներկայացուած հերթական տեղեկագրին մէջ, հոլանտացի քրիստոնեայ-դեմոկրատ եւրոերեսփոխան Ռիա Օմէն Ռոյթէն յատուկ շեշտ դրած է Թուրքիոյ բանակի հրամանատարութեան կողմէ երկրին քաղաքական ղեկավարութեան վրայ շարունակուող ճնշումները կասեցնելու կարեւորութեան վրայ:
Տեղեկագրին մէջ կը քննադատուին նաեւ կրօնական ազատութեանց դէմ դրուած արգքելները եւ յոյն պատրիրաքին էքիւմէնիք կոչումը անկէ խլելու փորձերը:
Դրուատելէ ետք վերջին խորհրդարական ընտրութիւնները, տեղեկագրին մէջ կոչ կ’ըլլայ կառավարութեան, որ արագացնէ երկրին մարդկային իրաւանց վիճակը բարելաւելու եւ քրէական օրէնսգրքին 301րդ յօդուածը բարեփոխելու:
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, տեղեկագրին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուած չէ, սակայն դարձեալ կոչ կ’ըլլայ Թուրքիոյ շրջափակում չպարտադրել եւ զինուորական գործողութեանց չդիմել «դրացի երկիրներու դէմ»:
Թուրքիոյ անդամակցութեան վերաբերեալ տեղեկագիրը Եւրոխորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովէն ներս քննարկուելէ ետք միայն պիտի ներկայացուի Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին: