ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոս Ուիլսըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը հետապնդէ Անգարայի այն կասկածները, թէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը հիւսիսային Իրաքի Քանտիլ լեռներուն վրայ ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն զէնքեր կը տրամադրեն։
Ուիլսըն լրագրողներուն հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ զէնքեր պիտի տրամադրենք կազմակերպութեան մը, զոր ահաբեկչական կը նկատենք»։ Ան հերքեց այն վարկածները, թէ Միացեալ Նահանգներ քրտական կուսակցութեան կը զօրակցի։
Վերջերս իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ ներկայացած չորս զինեալներ, որոնք հիւսիսային Իրաքէն փախուստ տալէ ետք իրենք զիրենք յանձնած էին թրքական իշխանութիւններուն, յայտնած էին, թէ իրենց զօրանոցին մէջ ամերիկեան երկու զրահապատ մեքենաներ տեսած են, որոնք Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զէնքեր կը յանձնէին։
Իր կարգին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շենսոյ անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ քիւրտ անջատողականներուն ձեռքը ամերիկեան զէնքեր անցած են։
Շենսոյ նշեց, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու վրայ ճնշում կը բանեցնէ՝ երաշխաւորելու համար, որ իրաքեան բանակին մաս կազմող քրտական ուժերուն տրամադրուած ամերիկեան զէնքերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ձեռքը չանցնին։
Դեսպան Ուիլսըն հաստատեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլէն այս հարցով թղթածրար մը ստացած է։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ այդ վարկածները «տակնուվրայ» ըրած են զինք՝ աւելցնելով, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն դասալիք եղած անձերուն այսպիսի յայտարարութիւններ կատարելու պատճառը կրնայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց վնաս հասցնելը ըլլալ։
Մինչ այդ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով իր թուրք պաշտօնակիցին հետ, մտահոգութիւն յայտնած է Իրաքի սահմանին վրայ թրքական ուժերու կուտակման առնչութեամբ։ Զեպարի յայտնած է, որ սահմանին վրայ թրքական զօրքին կուտակումը կասեցնելու պարագային, երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը պիտի մեղմանայ եւ անոր փոխարէն փոխադարձ վստահութիւն պիտի գոյանայ։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է կարելի եղածին չափով շուտ այս հարցը լուծելու համար հանդիպում ունենալ թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ։