ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոս Ուիլսըն յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կ՚ուզէ, որ անբաղձալի կազմակերպութեանց եւ գործունէութիւններու յայտնութիւնը կանխարգիլելու համար Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ գործակցութիւն հաստատուի:
Ուիլսըն լրագրողներուն յայտնեց, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական բանակին կողմէ զինուորական գործողութեան մը վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: Ամերիկացիները դէմ են այդպիսի գործողութեան մը, որովհետեւ ատիկա կրնայ հիւսիսային Իրաքի մէջ կայունութիւնը խախտել:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ անցեալ Հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ Թուրքիա իր կարելին կ՚ընէ Իրաքի ապահովութեան եւ կայունութեան նպաստելու, սակայն իրաքեան իշխանութիւնները ոչինչ կ՚ընեն՝ իրենց երկրին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործունէութիւնը զսպելու համար:
Պոլսոյ մէջ «Ժողովրդավարութեան եւ համաշխարհային ապահովութեան խորհրդաժողով»ին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Կիւլ ըսաւ, թէ «Ժողովրդավարութիւնը եւ ժողովրդավարականացումը բաւարար չեն ահաբեկչութիւնը ոչնչացնելու համար: Անոնք կրնան միայն ահաբեկիչները մեկուսացնել»: Սակայն ան ընդունեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընթացքին պէտք չէ «ժողովրդավարութենէն զիջումներ կատարենք»:
Կիւլ նաեւ յայտնեց. «Թուրքիա հողային պահանջներ չունի, սակայն մեր կառավարութիւնը վճռակամ է իր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու համար բոլոր քայլերուն դիմելու»:
Իր կարգին, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի յայտնեց, որ հիւսիսային Իրաքի լեռներուն վրայ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայութեան վերաբերեալ Իրաքի կառավարութեան, Իրաքի քիւրտերուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան կարիքը կայ, սակայն Անգարա այս հարցին վերաբերեալ շատ խանդավառ չի թուիր: