ԵՐԵՒԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, Յուլիս 6ին քննադատեց Հայաստանի դէմ 1993էն ի վեր շարունակուող Թուրքիոյ շրջափակման վերաբերեալ ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական միութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը, պնդելով, թէ թրքական այդ քայլը պատճառ դարձած է, որ Հայաստան կորսնցնէ իր տեղական ընդհանուր արտադրութեան մէկ երրորդը:
«Եւրոպացիները կը սիրեն խօսիլ մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական արժէքներու մասին, սակայն խօսիլը շատ աւելի դիւրին է, քան գործելը», ըսաւ ան հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Սարգսեան կրկնեց, թէ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել առանց նախապայմաններու եւ աւելցուց, թէ Երեւան դէմ չէ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն, որովհետեւ այդ պարագային Անգարա աւելի «կանխատեսելի» պիտի ըլլայ:
Սակայն ան միաժամանակ յայտնեց, թէ Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ էր, երբ յարձակեցաւ ու բռնագրաւեց հիւսիսային Կիպրոսը:
Ըստ վարչապետին, թրքական սպառնալիքը ի զօրու կը մնայ, եւ այդ պատճառով Հայաստան գտնուող 5000 ռուս զինուորներու ներկայութիւնը կենսական է երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան համար:
Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, Սարգսեան յայտնեց, որ եթէ արեւմտեան երկիրները պատրաստ են Սերպիոյ Քոսովօ նահանգին անկախութիւն շնորհելու, ապա անոնք պէտք է ճանչնան նաեւ Արցախի անկախութիւնը: