ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահութիւնը, որ անձայն կը հետեւէր խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին եւ բանակին դէմ արտասանուած մեղադրանքներու դիմաց լռութիւն կը պահէր, Երկուշաբթի, Յուլիս 30ին խզեց լռութիւնը ու անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ ներկայ է երկրին քաղաքական կեանքին մէջ:
Արդարեւ, բանակի սպայակոյտի նախագահ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի զինուորական ուժերու հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին ըսաւ, որ միշտ հաւատարիմ կը մնայ ահաբեկչութեան ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ Ապրիլ 12ին իր յայտնած գաղափարներուն, ուր ան շեշտած էր, թէ երկրին յաջորդ նախագահը պէտք է աշխարհիկ կարգերու պահապան մը ըլլայ:
Անոր այդ յայտարարութիւնը պատճառ դարձած էր, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Ապտալլա Կիւլի ընտրութիւնը ձախողի խորհրդարանին մէջ, երկիրը կանխահաս ընտրութեանց առաջնորդելով:
Նոր խորհրդարանին առաջին պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ նախագահի ընտրութիւնը:
Պիւյիւքանըթ աւելցուց, թէ նախագահի ընտրութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին պարտականութիւնն է, եւ բանակը այս խնդրին մէջ որեւէ իրաւասութիւն չունի, սակայն անմիջապէս աւելցուց, թէ բանակին կարծիքով պէտք է ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը, որ հանրապետութեան տէր պիտի կանգնի ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով։
Պիւյիւքանըթի այս վերջին խօսքը լուսարձակի տակ առնուեցաւ թրքական մամուլին կողմէ, որովհետեւ ան այդ տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ բանակը կը շարունակէ ընդդիմանալ Կիւլի ընտրութեան, հակառակ այն իրողութեան, որ ան կը թուի ըլլալ իշխող կուսակցութեան առաջին ընտրանքը: