ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի, Փետրուար 4ին դարձեալ հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրաւ մասնաւորաբար «ընդյատակեայ պետութիւն» կոչուած խորհրդաւոր մարմնի ու Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի հետ լուսանկարուած ոստիկաններուն կապակցութեամբ։ Էրտողան Իզմիրի մարզասրահի մը մէջ յայտարարեց, որ շարունակ իրեն հարց կը տրուի, թէ իսկապէս գոյութիւն ունի՞ «ընդյատակեայ պետութիւն» կոչուածը։ «Հարկաւ ունի», ըսաւ վարչապետը, որ պատմեց, թէ ամէն անգամ, որ կարեւոր դէպք մը կը պատահի, տարօրինակ կապակցութիւններու ու գործունէութեանց հրապարակումներ կ’ըլլան։
Սամասթի հետ լուսանկարուած ոստիկաններուն հարցով ան ըսաւ. «Այս ի՜նչ անլրջութիւն է»։
Ներքին գործոց նախարար Աքսու եւս ըսաւ, որ ամօթալի էր այսպիսի լուսանկարներու գոյութիւնն ու հրատարակութիւնը։ Աքսուի համաձայն, ինչպէս կ՚ըսէին ուրիշներ ալ, այս լուսանկարները խայտառակեցին Թուրքիան ամբողջ աշխարհի առջեւ ու անոնց պատասխանատուները անպայման շուտով պէտք է պատժուին։
Այս հարցով, չորս ոստիկաններու աշխատանքի հասցէն փոխուեցաւ, իսկ չորս այլ ապահովութեան պաշտօնեաներ պաշտօնէ հեռացուեցան։ Սամսունի դատախազութիւնը դիտել կու տայ, որ յիշեալ անձերը երեք յանցանքներով պիտի դատուին. «Իրենց պարտականութիւնը շահագործելու, յանցագործը գովաբանելու ու գաղտնի քննութեան մը ծալքերը հրապարակած ըլլալու» ամբաստանութիւններով։
«Ռատիքալ» թերթը իր Երկուշաբթի օրուան թիւով հաղորդեց, թէ Սամասթ Պայրամփաշայի բանտին մէջ բանտապահներու ու ոստիկաններու կողմէ ծափահարութիւններով դիմաւորուած է եւ թանկագին հիւրի մը նման տեղաւորուած է խնամքով մաքրուած ու կարմիր գորգով ծածկուած առանձնասենեակի մը մէջ։ Միւս բանտարկեալները նախ կարծած են, թէ մաֆիայի պետ մը պիտի «հիւրասիրուէր» այդ սենեակին մէջ…
Յայտնենք, թէ Սամասթ աւելի ուշ այլ բանտ մը փոխադրուեցաւ:
Վերջապէս, «Ենի շաֆաք» թերթը Կիրակի օր հրատարակեց պատճէնը այն նամակին, որով Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէնութիւնը Հրանդ Տինքի դէմ պատրաստուած մահափորձի մը մասին տեղեակ պահած էր Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութեան։ Փետրուար 17, 2006 թուակիր այդ նամակը հիմնուած էր ոստիկանութեան գործակալ Թունճէլի հաղորդած տեղեկութեանց վրայ, սակայն բացայայտօրէն Պոլսոյ ոստիկանութիւնը անտեսած է այդ տեղեկութիւնները: