ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Անցնող Մայիս 14ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ։ Առաջին փուլին հիմնական երկու թեկնածուները՝ իշխող նախագահ Էրտողան եւ ընդդիմութեան գլխաւոր թեկնածու Քեմալ Քըլըճտարօղլու չկրցան ապահովել 50 առ հարիւրէ աւելի ձայներ եւ բնականաբար տեղի պիտի ունենայ ընտրութեան երկրորդ փուլը, Մայիս 28ին, վերոնշեալ երկու թեկնածուներուն միջեւ։
Ընտրութիւններու արդիւնքները չարդարացուցին նախօրօք կատարուած հարցախոյզներու արդիւնքները, որոնց համաձայն ընդդիմութեան թեկնածուն յաղթանակ պիտի ապահովէր։ Սակայն ընտրութիւններուն Էրտողան աւելի ձայն հաւաքեց (49.4 տոկոս) քան Քըլըճտարօղլուն (45.4)։ Վստահաբար այստեղ դերակատար եղան կառավարչական լծակները, որոնք աշխատեցան ի նպաստ իշխող կուսակցութեան՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր թեկնածուին։
Արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, այս ընտրութիւնները հաւանաբար ամէնէն անկիւնադարձայինն են։ Վերջին տասնամեակին, ՆԱԹՕի անդամ ըլլալով հանդերձ, Էրտողանի Թուրքիան սկսած է հեռանալ Արեւմուտքէն եւ սերտ գործակցութեան մէջ է Ռուսիոյ հետ, տարբեր շրջաններու մէջ (Սուրիա, Լիպիա, Հարաւային Կովկաս եւայլն)։ Ան նաեւ անտեսեց Արեւմուտքի սպառնալիքները եւ Ռուսիայէն գնեց S-400-ներ, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմի պատճառով Ռուսիոյ դէմ որդեգրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն ան չմիացաւ եւ կամուրջ հանդիսացաւ ռուսական արտադրանքին եւ նաեւ գլխաւոր մատակարարներէն մէկը՝ անոր շուկայական պահանջարկին։ Մինչդեռ ընդդիմութեան թեկնածու Քըլըճտարօղլու, բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ իր ընտրուելու պարագային, թրքական քաղաքական արեւելումը վերստին պիտի թեքի դէպի Արեւմուտք եւ Ռուսիոյ հետ էրտողանեան սերտ համագործակցութիւնը պիտի կասեցուի։
Ահա այս ելակէտով ալ թէժ պայքար կայ երկու թեկնածուներուն միջեւ, որոնցմէ գործող նախագահը կը վայելէ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրակցութիւնը, իսկ ընդդիմադիր թեկնածուն՝ Արեւմուտքին։ Այս իմաստով ալ այս ընտրութիւնները նշանակալից պիտի ըլլան Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական կացութեան համար։
Էրտողանի վարկանիշի անկումին գլխաւոր պատճառներն էին երկրի տնտեսական ոչ-նախանձելի իրավիճակը։ Թրքական դրամանիշի անկումը եւ անոր հետեւանքով անբնական սղաճը ծանր կացութիւն մը ստեղծած են երկիրին մէջ։ Անոր վերընտրութեան պարագային, Արեւմուտքի կողմէ տնտեսական ճնշումը պիտի մեծնայ եւ տնտեսագէտներ կը նախատեսեն թրքական լիրային յաւելեալ եւ աննախընթաց անկում, որ կրնայ տնտեսապէս լրջագոյն խնդիրներ հանդիսանալ Թուրքիոյ համար։ Առաւել, անցեալ Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժը եւ անոր պատճառած վնասներու վերականգնումը կրնայ տարիներ տեւել։ Ուքրանիոյ պատերազմի պատճառով Արեւմուտքին կողմէ Ռուսիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներուն Էրտողանի չմիանալը եւս անպայմանօրէն տնտեսական եւ քաղաքական յաւելեալ ճնշումներու դուռ կրնայ բանալ եւ երկիրին մէջ ստեղծել անկայունութեան շրջան մը։
Մինչդեռ Քըլըճտարօղլուի ընտրութիւնը տնտեսական նոր հորիզոններ կրնայ բանալ Թուրքիոյ համար։ Առաջին հերթին, երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած շրջաններու վերականգնումը արեւմտեան դրամագլուխով կրայ արագանալ։ Ինչպէս նաեւ արեւմտեան տնտեսական անուղղակի ճնշումը, որ իր անդրադարձը կ՛ունենայ դրամանիշի անկման եւ հետեւաբար սղաճին վրայ, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ պիտի վերանայ եւ երկիրը տնտեսապէս կրնայ աւելի ազատօրէն շնչել։ Այս իրողութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ Թուրքիա տնտեսապէս յաւելեալ կախուածութեան մէջ ըլլայ Արեւմուտքէն եւ մասնաւորաբար Ամերիկայէն ու բնականաբար աւելի վերահսկելի եւ կանխատեսելի պիտի դառնան անոր քաղաքական ուղղութիւններն եւ տարածաշրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը։
Սակայն, պէտք է նշել, որ Քըլըճտարօղլուի ընտրութեան պարագային, ան բաւական դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ, նկատի ունենալով, որ Էրտողանի իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ամէնէն մեծ խմբակցութիւնն է։ Իսկ Էրտողանի ընտրութեան պարագային, վերլուծաբաններ կը նախատեսեն անկայունութեան սկիզբ մը (յիշեցնելով «Արեւմուտքի կողմէ կազմակերպուած զինուորական անյաջող յեղաշրջման փորձը»)։
Նման անկայուն Թուրքիա մը կը ծառայէ՞ Արեւմուտքի շահերուն. Դժուար է կանխատեսել։ Պէտք է ընդգծել որ Թուրքիա կ՛իշխէ երեք ծովերու եւ երկու կենսական նեղուցներու վրայ եւ Եւրոպայի համար արեւելք-արեւմուտք ցամաքային ամէնէն ապահով եւ կարճ ճամբան է։ Այս բոլորը կարեւոր դերն ունին Թուրքիոյ թէ՛ անցեալի եւ թէ ապագայի դերակատարութեան շուրջ։
Բնականաբար, հայ հանրութիւնը ակնդէտ կը հետեւի մեր թշնամի-հարեւան երկիրի ընտրական այս գործընթացին։ Հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը կ՛ակնկալէ Էրտողանի պարտութիւնը։ Բոլորին յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է այն փաստը, որ արցախեան 44օրեայ պատերազմին հայկական կողմին պարտութեան մէջ նշանակալից դեր ունեցաւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, մէկ կողմէ ռուս-թրքական դաշինքի եւ պայմանաւորուածութեան միջոցաւ, իսկ միւս կողմէ՝ թրքական բանակայիններու մասնակցութեամբ։
Սակայն պէտք է գիտակցիլ որ կողմերէն որեւէ մէկուն յաղթանակը այդքան ալ հայանպաստ չէ։ Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ թրքական քաղաքականութիւնը չէ պայմանաւորուած անհատներու քաղաքական կողմնորոշումներով կամ արեւելումներով։ Ի հակառակ մեզի, թուրքերը կ՛առաջնորդուին թուրք պետութեան շահերէն եւ այս իմաստով մեր պատմութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է այդ իրականութեան։ Իսկ թուրքերը այսօր Հայաստանի նկատմամբ իրենց պահանջները կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի միջոցով։ Ամիսներ առաջ, Էրտողան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերը կարգաւորուին, ապա իրենք ոչ մէկ հարց ունին Հայաստանի հետ բարի դրացիական կապեր հաստատելու համար։ Այս յայտարարութիւնը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա ամբողջականօրէն կը զօրակցի Ատրպէյճանի պահանջներուն (Արցախի վերացում, Սիւնիքի միջանցք, Հայաստանի կախեալ վիճակ՝ ռուս-թուրք-ատրպէյճանական եռեակէն)։
Ինչ ալ ըլլան Մայիս 28ի ընտրութիւններու արդիւնքները, անցեալ տարի սկսած հայ-թրքական բանակցութիւնները որոշ չափով նահանջ արձանագրած են եւ այդ իրողութիւնը կապուած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու գործընթացին հետ։ Իսկ ուղղակի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կախեալ չէ հայկական կողմի կամ Հայաստանի իշխանութիւններու բարի կամեցողութենէն։