ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Հալիւք Իւլիւսոյ եւ մարզական երեք նախկին պատասխանատուներ դատավարութեան պիտի ենթարկուին, դրամական մսխում եւ շահագործում կատարած ըլլալու համար (առնուազն մէկ միլիառ տոլար):
Դատախազներ կը պահանջեն, որ ամբաստանեալները մէկ տարի եւ ինը ամիսէն մինչեւ 11 տարի եւ երեք ամիս բանտարկութեան վճիռ ստանան: