ԱԹԷՆՔ.- Թրքական լրատուական գործակալութիւնները կը հաղորդեն, թէ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին Յունաստան այցելած Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Պիւյիւքանըթի հանդիսացաւ այդ պաշտօնին վրայ գտնուող առաջին ղեկավարը, որ Աթէնք կ’այցելէր:
Զօրավարը հանդիպումներ ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցին ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ ապա թուրք լրագրողներու հետ խօսելու ընթացքին կրկին քննադատեց Եւրոմիութեան ղեկավարները, որոնք կը պնդեն, թէ թուրք զինուորականները պէտք չէ խօսին քաղաքական հարցերու մասին։ Զօրավարը ըսաւ, որ Եւրոմիութեան ղեկավարները պէտք չէ խօսին թուրք ժողովուրդը վիրաւորելու շեշտով։
Յայտնենք, թէ ան առաջին անգամ Աթէնք այցելած էր ցամաքային ուժերու հրամանատարի հանգամանքով: