Թրքական մամուլը կը շարունակէ մեկնաբանական յօդուածներ լոյս ընծայել Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով:
Սակայն յատուկ ուշադրութեան արժանի է «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ Մուսթաֆա Ալփ Տաղիսթանլըի ստորագրութիւնը կրող յօդուածը՝ «2007 Յունուար 19. Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրով, ուր հեղինակը իր ցասումը կ’արտայայտէ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ եւ զայն կը համարէ «ոճրագործութիւն»:
Մուսթաֆա Ալփ Տաղիսթանլը կը գրէ. «Դուք տակաւին վիճաբանեցէք 1915 թուականին մասին: Հրանդ Տինքը սպաննելով, թուրքերը 2007ի Յունուար 19ին ցեղասպանութիւն մը եւս գործադրեցին հայերուն դէմ: Թէեւ երբեք հպարտութիւն չէի զգացած, սակայն այժմ կ’այրիմ «ես այլեւս թուրք չեմ» յայտարարելու ցանկութեամբ»: