ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսական արտադրութիւններու դէմ Թուրքիոյ մէջ արդէն իսկ սկսած է պոյքոթ մը, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ թուրք մասնագէտներու, որովհետեւ Սպառողներու միութիւնը մէկ կողմէ, ժողովուրդին անգիտութիւնը միւս կողմէ պատճառ կը դառնան, որ Թուրքիոյ մէջ թուրք գործընկերներու հետ հիմնուած ֆրանսական հաստատութիւններու արտադրութիւնները եւս պոյքոթի ենթարկուին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք պէտք է թրքական արտադրութիւն նկատուին։
Թուրքիոյ մէջ նմանօրինակ ֆրանսական հաստատութիւնները ներկայիս 45 հազար աշխատաւորի գործ կը հայթայթեն եւ անոնց արտադրութիւններուն դէմ պոյքոթ հռչակելը կը նշանակէ «մեզ մեր ոտքէն զարնել»։
Մամուլի մէջ հրատարակուած թղթակցութիւններ դիտել կու տան, որ ասկէ առաջ Իտալիոյ դէմ եւս նոյնը պատահած էր, երբ քիւրտ ղեկավար Ապտալլա Օչալանի խնդրով Թուրքիոյ հանրային կարծիքը զայրացած էր այդ երկրէն։
Բազմաթիւ թրքական հաստատութիւններ հրապարակաւ կոչ ըրած էին, թէ իրենք «իտալական» հաստատութիւն չեն։ Այսօր եւս «Քարըֆուր»ի նման հանրախանութներ, որոնց անունները Սպառողներու միութեան կողմէ պատրաստուած ցանկի մը գլուխը դրուած էին իբրեւ պոյքոթի արժանի հաստատութիւններ, շաբաթասկիզբը այդ ցանկէն սրբուեցան, որովհետեւ անոնք այլեւս զուտ ֆրանսական հաստատութիւն չեն նկատուիր:
Ուրեմն, կոչ կ’ըլլայ պոյքոթ հռչակել ուղղակի Ֆրանսայէն ներածուած զուտ ֆրանսական ապրանքներու եւ ոչ թէ Թուրքիա արտադրուածներուն դէմ, սակայն երբեմն անոնց զանազանումը բաւական դժուար է:
Այս հաստատութիւններէն մէկն է «Տանոն» մածունի հաստատութիւնը, որուն վարչութեան ընդհանուր տնօրէնը՝ Սէրփիլ Թիմուրայ, մամլոյ ասուլիսով մը յայտնեց, թէ 23 հազար ստորագրութիւններով դիմում պիտի կատարեն, որպէսզի արգիլեն ֆրանսական օրինագիծին Ծերակոյտի մօտ վաւերացումը։ Դիմումին տակ պիտի ստորագրեն 1600 աշխատաւորներ, 17 հազար արտադրողներ, որոնցմէ կաթ կը գնէ հաստատութիւնը, եւ 600 վաճառորդներ, որոնք այս արտադրութեան վաճառքի մասնաճիւղերն են։
Երկրի զանազան մասերուն մէջ ժողովուրդը բողոքներ կը տեղացնէ Ֆրանսայի հասցէին։
Միւս կողմէ, Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահ Էրտողան Թէզիչ Երկուշաբթի օր ետ վերադարձուցած է Ֆրանսայի ամենակարեւոր՝ «Պատուոյ լեգէոն»ի շքանշանը, որ իրեն յանձնուած էր նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ։
Նաեւ, Էտիրնէի մէջ փողկապի վաճառորդ մը ֆրանսական փողկապները այրեց Աթաթիւրքի արձանին առջեւ, իսկ Ատեամանի մէջ գեղեցկութեան մրցումի պատրաստութիւններու շրջագծով, ֆրանսացի գեղեցկուհին մրցումէն դուրս հանուեցաւ, «որովհետեւ Ֆրանսա քաղաքակիրթ երկիր չէ»…
Այլ «պատժամիջոցներ»ու շարքին՝ Սվազի մէկ պանդոկը ցուցատախտակ մը կախած է յայտնելով, որ հաստատութենէն ներս չեն ընդունուիր առանց կողակիցի կամ ֆրանսացի այցելուները, իսկ Գոնիայի մէջ օտար լեզուներ դասաւանդող հաստատութիւն մը ջնջեց ֆրանսերէնի դասաւանդութիւնը: