Թուրք յայտնի յօդուածագիր Մէհմէտ Ալի Պիրանտ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին թրքական զանազան թերթերու մէջ հրատարակուած իր յօդուածով հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այս երկրին մէջ «մենք փոքրամասնութիւնները չենք սիրեր»։ Պիրանտ շատ տրամաբանական եւ անաչառ մերձեցումով կը պախարակէ այս երկրին մէջ փոքրամասնութեանց նկատմամբ հինէն ի վեր ցուցաբերուած թշնամութիւնը եւ կ՚ընդգծէ, թէ ոչ իսլամ հայրենակիցներու ի նպաստ որեւէ փոփոխութիւն անմիջապէս իր դիմաց կը գտնէ անհաւատալի դիմադրութիւն մը։
«Հակառակ այն իրողութեան, որ երկրի 99 տոկոսը մահմետական է, 2-3 եկեղեցիի համար որեւէ դիւրութիւն կամ 15-20 եկեղեցի հիմնելու հաւանականութիւնը ոտքի կը հանէ ամբողջ ժողովուրդը։ Եօթանասուն միլիոննոց երկրի մը մէջ 300-400 հազար ոչ իսլամ հայրենակիցներու վագըֆները խոշոր խնդիրներ կը ստեղծեն։ Օտար զբօսաշրջիկներուն անօրինակ հիւրասիրութիւն ցոյց կու տանք, պայմանաւ, որ իրենց տունը վերադառնան։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ որքան գէշ վերաբերում ցոյց տուինք ափրիկեցի կամ փաքիստանցի քանի մը հարիւր աշխատաւորներու իսկ, որոնք աշխատելու եկած էին», կը գրէ Պիրանտ ու կը շարունակէ.-
«Ինծի համար ամէնէն հետաքրքրականը մեր ոչ իսլամ հայրենակիցներուն նկատմամբ գաղտնի թշնամութիւնն է։ Կարդացէք մեր պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք, որ շարունակ անխիղճ եւ յոռի վերաբերում ցոյց տուած ենք փոքրամասնութիւններուն, միշտ աշխատած ենք անոնց դրամն ու ապրանքները գրաւել։ Եւ ասոր վերջին օրինակն ալ խորհրդարանի մէջ քննարկուած փոքրամասնութիւններու վագըֆներու օրինագիծն է։
«Այս օրինագիծը երեսուն տարի առաջ գործուած սխալի մը սրբագրութիւնը կը բերէ։ Վագըֆներուն կալուած գնելու իրաւունք կու տայ եւ անոնց ձեռքէն առնուած կարգ մը կալուածները ետ կը վերադարձնէ։ Մէկդի ընենք տգէտները։ Զարգացած կարծուած մարդոց գրածներուն եւ ըսածներուն նայեցէք, արդէն կը բաւէ։ Ոմանք կը պնդեն, որ հայրենիքի հողերը ասոր-անոր ձեռքը պիտի մնան, փոխադարձութեամբ տրուած ապրանքները հիմա դարձեալ պիտի վերադարձուին, վագըֆները ապագային քաղաքական ուժ պիտի դառնան, Այա Սոֆիայի վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ Վատիկանի նման կրօնական պետութիւն պիտի կարենան հիմնել։
«Անհաւատալի է։ Եւ ամէնէն գէշն այն է, որ այս մօտեցումը կու գայ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն։ Ի՞նչ է այս տգիտութիւնը։ Ի՞նչ է այս անվստահութիւնը։ Տեսէք, թէ ո՞ւր հասեր է հսկայ Թուրքիան։ Մինչ մէկ կողմէ կը պնդենք, թէ մահմետական կամ քրիստոնեայ իր փոքրամասնութիւններով հպարտացող, անոնց հետ հարստացած ըլլալը գիտցող Թուրքիա մը կը ստեղծենք, միւս կողմէ մնացած ենք իրենց շուքէն վախցող, իրենց մեծութեան անգիտակից խումբ մը վարիչներուն ձեռքին մէջ։ Շա՜տ մեղք»։
Պիրանտ իր յօդուածի յաջորդ հատուածին մէջ յետին մանրամասնութեամբ կը պատմէ 1936ին կատարուած անիրաւութիւնը եւ այդ շրջագծով փոքրամասնութիւններուն ձեռքէն ետ առնուած կալուածները։ Պիրանտ կը յիշեցնէ, թէ պետութիւնը փոքրամասնութիւններու նուիրուած օրինաւոր շարք մը կալուածներու վրայ ձեռք դրաւ եւ նոյնիսկ անոնց մէկ մասը երրորդ անձերու վաճառեց։
«Եթէ այս սխալը մենք այսօր չսրբագրենք, Եւրոպական մարդկային իրաւունքներու ատեանը պիտի սրբագրէ, եւ պետութիւնը պիտի ստիպուի վճարել միլիառաւոր տոլարներ», կ’ազդարարէ Պիրանտ: