ԱՆԳԱՐԱ, «Նոյեան Տապան».- Թրքական «Ենիչաղ» թերթը կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ թերթ հրատարակելու՝ թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով: Այս կապակցութեամբ թերթի ներկայացուցիչները կը պատրաստուին Հայաստան ժամանելու:
Ինչպէս կը հաղորդէ թրքական «Զաման» օրաթերթը, «Ենիչաղ»ը մանրամասնութիւններ հաղորդած է Հայաստանի մէջ «լոյս ընծայուելիք» թերթի նպատակներու եւ բովանդակութեան մասին. «Այս թերթի նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումների հետ կապուած սխալ տեղեկատուութեան փոխարէն ճիշդ տեղեկութիւններ հաղորդել հայ հասարակութեանը: Միաժամանակ թերթը նպատակ ունի խօսել պատմական իրողութիւնների եւ այժմէական խնդիրների մասին: Իսկ այս ամէնի լոյսի ներքոյ Թուրքիան Հայաստանին եւ հայ ժողովրդին կը ներկայանայ այնպէս, ինչպէս որ կայ»: