ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նորընտիր խորհրդարանը Շաբաթ օր տուաւ իր երդումը, եւ 1991էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով 20 քիւրտեր եւս ներկայացուեցան խորհրդարանին մէջ: Վերջիններս յայտնեցին, որ հաշտութիւն կ’ուզեն եւ թուրքքրտական հարցին խաղաղ լուծում:
Վերջին անգամ քիւրտ երեսփոխանները բանտարկուած էին, որովհետեւ իրենց երդումը քրտերէնով տուած էին, սակայն այս անգամ անոնք երդուեցան թրքերէնով: Հետագային անոնց կուսակցութիւնը արգիլուեցաւ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալուն պատճառով:
Անցեալ ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իսլամական արմատներ ունեցող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամրապնդեց իր դիրքերը թրքական այն խորհրդարանին մէջ, որուն առաջին նպատակը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նոր նախագահը ընտրել: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ նախագահութեան նախկին թեկնածու, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ քաղաքական տագնապ մը յառաջացուց եւ պատճառ դարձաւ, որ բանակը միջամտելու սպառնալիք կատարէ:
Աշխարհիկ կարգերու ջատագով շրջանակները մտահոգ էին, որ Ապտալլա Կիւլ, որ իր ասպարէզը սկսած է իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութեան մէջ եւ որուն կինը լաչակ կը կրէ, Թուրքիոյ մէջ բաժանումներ յառաջացնող խորհրդանիշ մը ըլլայ:
Քանի մը ժամ տեւած արարողութեան ընթացքին երեսփոխանները վերանորոգեցին իրենց հաւատարմութիւնը միացեալ, անկախ եւ աշխարհիկ թրքական հանրապետութեան նկատմամբ:
Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան քիւրտ երեսփոխանները կը պնդեն, թէ կ՚ուզեն խորհրդարանը օգտագործել իբրեւ երկխօսութեան վայր մը: Կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Թիւրք թրքական պատկերասփիւռի կայանի մը յայտնեց, որ «կ՚ուզենք խաղաղ եւ ժողովրդավարական գործընթացի մը յառաջացման օժանդակել… հաշտութեան եւ երկխօսութեան ոգիով»:
Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան անդամները յայտնեցին, որ ներկայ համակարգին մէջ պիտի աշխատին ջատագովել քրտական իրաւունքները, թէեւ այդ համակարգը թերի կը նկատեն: Նոյն կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներէն Նասմի Կիւր նշեց, որ «մեր ռազմավարութեան մէջ կը շարունակենք բազմաթիւ քննադատութիւններ ունենալ օրէնքներուն վերաբերեալ, որովհետեւ անոնք ամբողջութեամբ ապաժողովրդավար օրէնքներ են, սակայն յամենայնդէպս մինչեւ որ զանոնք փոխենք, պիտի հետեւինք անոնց»:
Քիւրտ խորհրդարանականներուն կողքին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ եւս տուին իրենց երդումը: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը 22 Յուլիսի ընտրութիւններուն 70 աթոռ շահեցաւ հակաքիւրտ ծայրայեղական ընտրապայքար մը մղելով այնպիսի պահու մը, երբ թրքական բանակին եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջեւ բախումները աճ կ՚արձանագրէին:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ մերժեց իր թեկնածութիւնը յետս կոչել, մինչ ընտրական գործընթացը կը սկսի 10 օրէն: