ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Արցախեան վերջին պատերազմին մեր հողային, նիւթական եւ մարդկային կորուստներէն ետք, հասարակութեան մէկ մասին մէջ հետզհետէ տեղ գտաւ կասկած մը:
Արդեօք սկիզբէ՞ն Արցախեան շարժումը եւ Արցախը Հայաստանի հետ միացնելուն ի նպաստ կազմակերպուած, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի զանգուածային հանրահաւաքները եւ ցոյցերը, թելադրուած էին Մոսկուայի կողմէ, եւ իրագործուած՝ երկու երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անոր ունեցած նախկին կառոյցներուն միջոցաւ, որպէսզի անոնք զբաղէին զիրար կոտորելով, ինչպէս մէկ դար առաջ, հայ-թաթարական բախումներուն ընթացքին, մինչեւ որ Ռուսիա վերակազմակերպուէր եւ դարձեալ զօրանալով՝ օր մը վերադառնար Կովկաս: Փաստօրէն այդ շարժման պատճառով, Ռուսիա առիթ ունեցաւ վերադառնալու եւ վերահաստատելու իր զինուորական ներկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ, իսկ մենք կորսնցուցինք պատմական Հայաստանի մաս կազմող դաշտային Արցախի մեր շէները, այդտեղ եւ Պաքուի մէջ ապրող հինգ հարիւր հազարի հասնող հայութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կէսէն աւելին:
Իսկ Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած գործարանները եւ ենթակառոյցները չքացան եւ թալանուեցան, բնակչութեան կէսն ալ արտագաղթեց դէպի աշխարհի չորս կողմերը: Ռուսիոյ կողմէ ծրագրուած այս բեմադրութեան պատճառով, ներկայիս Արցախի ապագան խիստ անորոշ է եւ վտանգուած:
Թէեւ պատմութիւնը չ՛առաջնորդուիր «եթէ»ներով, սակայն կարելի է մտածել եւ պատկերացնել, թէ Հայաստանի եւ հայութեան քաղաքական կեանքը անհաւանական ինչ ընթացք պիտի ունենար, եթէ Արցախեան շարժումը տեղի չունենար, հանրահաւաքները չըլլային եւ անկախութիւնը գար առանց իր հետ բերելու վերեւը յիշուած աղէտները, մենք՝ հայերս, եւ ատրպէյճանցիները, խաղաղօրէն լծուէինք մեր գործերուն: Նկատի ունենալով սովետական ժառանգութիւնը՝ փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը եւ թալանը, որ շնորհք կը սեպուէր, Հայաստանի տնտեսութեան ճակատագիրը շատ տարբեր պիտի չըլլար ներկայիս իրավիճակէն։ Նոյնը կարելի է ըսել Ատրպէյճանի տնտեսութեան պարագային, սակայն անոնք իրենց նկարագիրով եւ իրենց մեծ եղբօր՝ Թուրքիոյ Փանթուրանական գաղափարախօսութիւնը, անկասկած որ պիտի զինուէին, յամենայնդէպս մեզմէ աւելի շատ:
Խորհրդային տարիներուն, Հայաստանի մէջ, ատրպէյճանցիները փոքրամասնութիւն էին. մօտաւորապէս 160,000, որոնք կը բնակէին Արարատեան դաշտավայրի, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի գիւղերուն մէջ։ Իսկ Սեւանի արեւելեան ափի գրեթէ բոլոր գիւղերը անոնցմով բնակեցուած էին: Կարելի է ենթադրել նաեւ, որ Ատրպէյճան գաղտնօրէն պիտի զինած ըլլար զանոնք եւ այսօր անոնց թիւը երկու հարիւր հազարը անցած պիտի ըլլար: Կը պատկերացնե՞նք, թէ ինչ քաոսային կացութիւն կրնար ստեղծուիլ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի ինքնավար մարզի տարածքին, երբ այդ իրավիճակով պատերազմը սկսէր: Ատրպէյճանցիները իրենց գերարդիական զէնքերով՝ ընդդէմ անզէն արցախահայութեան, դժուար չէ պատկերացնել հետեւանքը, ոչ ալ հայաբնակ դաշտային Արցախի եւ Պաքուի հայութեան ճակատագիրը։ Իսկ Հայաստանի մէջ նաեւ մեր եւ անոնց միջեւ բախումներու շղթայազերծման աւարտը կարելի է միայն երեւակայել:
Բարեբախտութիւն էր, որ երկրորդ հաւանականութիւնը տեղի չունեցաւ։ Սակայն ներկայ իրականութիւնն ալ նուազ ողբերգական չէ: Այս իրավիճակէն արդեօք կարելի՞ էր խուսափիլ: Պատասխանը միանշանակ այո է: Անկախութեան հռչակումէն ետք, եթէ մենք ունենայինք բոլորովին այլ տեսակի հայրենասէր եւ ատակ ղեկավարութիւն մը, մեր նաւը կարելի էր հասցնել ապահով ափ:
Վստահաբար, ժողովրդավարութիւնը նախընտրելի է բռնատիրութենէն, եւ անոր հասնիլը երկար գործընթացի արդիւնք է: Անկախութեան հռչակումէն ետք, մեր քաղաքական կեանքը միայն անուանական ժողովրդավարութեամբ ղեկավարուած էր, որովհետեւ գրեթէ բոլոր ընտրութիւններուն մեծ չափերու հասնող ընտրական կեղծիքներ տեղի ունեցած էին։ Բոլորս կը յիշենք իշխանական անձնաւորութեան մը հանրայայտ այն խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Ընդդիմութիւնը ձայներու նոյնիսկ հարիւր տոկոսն ալ շահի, իշխանութիւնը չենք զիջիր»: Ասիկա բռնատիրութիւն յուշող խօսք է, քան՝ ժողովրդավարութիւն: Ռապըրթ Տ. Քափլան իր Asia’s Cauldron գիրքին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Կան երկու տեսակի բռնատէրեր՝ «բարի բռնատէր» եւ «չար բռնատէր»» (good authoritarian and bad authoritarian):
Սինկափուր 728 քառակուսի քիլիոմեթր տարածութեամբ փոքր կղզի մըն է, որ նախապէս մաս կը կազմէր Մալեզիական դաշնակցութեան։ Սակայն, որովհետեւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը չինացի է, վաթսունականներու սկիզբը միջ-համայնքային բախումներու թատերաբեմ դարձած էր, իսկ Մալեզիոյ կառավարութիւնը վախնալով, որ այդ բախումները կրնան տարածուիլ ամբողջ երկիրին մէջ, ուր բնակչութեան 25 տոկոսը չինական ծագում ունի, 1965ին Սինկափուրը կ՛արտաքսէ դաշնակցութենէն, եւ այդ ձեւով այդ ծայրայեղ աղքատ կղզին կ՛անկախանայ:
Սինկափուր բնական պաշարներ չունի. չունի նաեւ երկրագործութիւն: Կղզիին առաջին վարչապետը՝ Լի Քուան Եու, մօտաւորապէս երեսուն տարի իր երկիր-քաղաքը բռնատիրութեամբ կառավարեց: Ան անողոք պայքար մղեց կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ, խստօրէն պատժելով անօրէնութիւնները:
Կղզիի աշխարհագրական դիրքը, ըլլալով Մալաքայի նեղուցին մուտքին եւ ունենալով խորունկ ծովափ՝ վերածուեցաւ անգնահատելի նաւահանգիստի եւ տարանցման վայրի Հնդկաց ովկիանոսէն Չինական հարաւային ծով, ապա Խաղաղական ովկիեանոս երթեւեկող տարեկան տասնեակ հազարաւոր բեռնատար եւ քարիւղատար նաւերու: Այդ նաւային ծառայութիւններու եկամուտները ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելով՝ Լին այս փոքր կղզին դարձուց չափազանց ճարտարարուեստականացած երկիր մը, որ այսօր կը նկատուի Չինական ծովու առաջնակարգ երկիրներէն (tiger country) Վիեթնամի, Մալեզիոյ, Թայլանտի եւ Չինաստանի կողքին:
Չինաստանի տնտեսական վերելքին եւ գերպետութիւն դառնալու ձգտումին դէմ յանդիման, Չինական ծովուն (South China Sea) շուրջ գտնուող երկիրները դաշնակցեցան Ամերիկայի հետ; Այդ երկիրներէն է նաեւ Սինկափուրը. որ այսօր, հակառակ իր փոքր տարածքին եւ միայն հինգ միլիոն բնակչութեան, սպառազինութեամբ աւելի հզօր է քան շրջապատի երկիրներէն շատերը: Եթէ համեմատենք շուրջի երկիրներուն հետ, անիկա ունի չորս արդիական սուզանաւեր, 37 մարտանաւեր, 235 ռազմական օդանաւեր, 45,000 հաշուող մշտական զինուած ուժեր, պահեստային 240,000 զինուորներ՝ անհրաժեշտութեան պարագային, իսկ 2022ի ռազմական պիւտճէն 14 միլիառ տոլար էր: Նոյն ծովու երկիրներէն՝ Չինաստանէն ետք, ուժեղագոյն երկիրը՝ Վիեթնամ, ունի ռուսական վեց սուզանաւեր եւ 300 օդանաւեր, իսկ պաշտպանութեան պիւտճէն միայն մէկ միլիառ տոլար է: Տեղի չգոյութեան պատճառով, Սինկափուր իր ռազմափորձերը կը կատարէ Աւստրալիոյ եւ Ամերիկայի մէջ: Այս քաղաք-երկիրը իր տնտեսական եւ ռազմական կարողութեան համար, մեծ չափով կը պարտի «բարի բռնատէր» Լի Քուան Եուի:
Այսօր, անկախութենէն 58 տարիներ ետք, Սինկափուր դարձած է Հարաւային Չինական ծովու Իսրայէլը եւ իր ՀՆԱով (345 միլիառ տոլար) աշխարհի հարուստ երկիրներէն մէկն է: Անիկա ժողովրդավար երկիր մըն է, ուր գրեթէ չկայ կաշառակերութիւն եւ փտածութիւն, եւ իր այս ձեռքբերումները կը պարտի մէկ մարդու՝ Լի Քուան Եուի:
Հայաստան ներկայիս ժողովրդավար բայց աղքատ եւ թոյլ երկիր է, անոր ներքաղաքական վէճերը՝ սուր եւ ապակառուցողական, մինչ արտաքին թշնամին սահմաններուն վրայ կազմ ու պատրաստ է, ամէն վայրկեան ներխուժելու երկիրէն ներս: Մենք մինակ չենք եւ ունինք դաշնակից մը՝ յանձին Ռուսիոյ, սակայն դէպքերը եկան փաստելու, որ այդ դաշինքը միայն անուանական է եւ այդ բոլորովին Ռուսիոյ մեղքով չէ, որովհետեւ ինչպէս բոլոր երկիրները, անիկա կ՛առաջնորդուի իր պետական շահերէն մեկնած: Մենք ենք մեղաւորը, որ թոյլ մնացինք. ուժեղները կը սիրեն ուժեղներու հետ յարաբերիլ եւ բարեկամանալ: Հիմա այս է իրավիճակը եւ թերեւս պէտք է սկսիլ պետականաշինութեան ուշացած գործին, որուն համար ազգովին պէտք է լծուինք անդուլ աշխատանքի:
Ափսոս են մեր կորսնցուցած երեսունհինգ տարիները: Թերեւս անկախութեան հռչակումէն ետք մեզի անհրաժեշտ էր «բարի բռնապէտ» մը: