Ֆրանսական խորհրդարանի ծանօթ որոշումին արձագանգներուն հետեւելու ընթացքին ուշադրութիւն գրաւեց երկար ընդհատումէ ետք վերահրատարակուող ՀՀՇի պաշտօնաթերթ «Հայք»ի վերջին թիւին կատարած վերլուծումը պատահածին մասին. «Ոմանք կ՚ասեն, թէ սա պատմական արդարութեան յաղթանակն է, ոմանք կը շտապեն ասել, թէ հայ դիւանագիտութիւնը գրանցեց եւս մէկ փայլուն առաջընթաց, իսկ ոմանք էլ կրկին կը սկսեն խօսել, թէ շուտով թուրքերից մեր հողերը կը վերցնեն ու կը տան մեզ։ Իրականում, Ֆրանսիայի խորհրդարանի ընդունած որոշումը եւս մէկ անգամ վկայում է, որ Ֆրանսիայի հանրութեան մի մասը կտրականապէս դէմ է Եւրոմիութեանը Թուրքիայի անդամակցութեանը եւ ամէն ինչ անում է եւրոպական ընտանիք թուրքերի մուտքը կանխելու համար»։
«Հայք»ի վերջին հաստատումը միանգամայն ճիշդ է։ Մեր մամուլը եւս փորձելով գնահատական տալ Ֆրանսայի խորհրդարանի կայացուցած որոշումին հաստատած էր, որ հարցը համաեւրոպական օրակարգ է եւ չէ բացառուած անոր իբրեւ ճնշամիջոց արծարծումի շարունակութիւնը եւրոպական եւ այս պարագային ֆրանսական պետութեան կողմէ։
Ապառողջ բաժինը այս գնահատականին մէջ «ոմանք»ին կապուած տեսութիւններու շարքին մէջ թաքնուած է, որ անգամ մը եւս կը շեշտէ «Հայք»ի ետին կանգնած քաղաքական ուժին գաղափարախօսութեան դիմագիծը։
Առաջին տեսութիւնը ըստ էութեան առարկելի չէ։ «Սա պատմական արդարութեան յաղթանակն է»։ Պէտք է շրջել «Հայք»ի եզրակացութեամբ առաջին տեսութեան տրուող հեգնական մօտեցումը։ Ճիշդ է, որ քաղաքական տրամաբանութեամբ ֆրանսացիներուն կողմէ Թուրքիոյ Եւրոպա մուտքին արգելակումին մէջ կարելի է տեղադրել խնդիրը, այսուհանդերձ, եթէ չըլլար հայկական գործօնին տասնամեակներու վրայ երկարող պահանջատիրական հետեւողական աշխատանքը, անմիջական չէր ըլլար Ցեղասպանութեան թղթածրարը։
Երկրորդը եւս անուղղակի առնչութիւն կրնայ ունեցած ըլլալ հարցի յաջողութեան, մանաւանդ երբ մտաբերենք Հայաստանի պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններու յատարարութիւնները՝ համատեղ աշխատանքներով ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներուն յաջող ելքեր ապահովելու առումով։
Երրորդը կը բացայայտէ հեգնական մօտեցումը «Հայք»ի առաջնորդող գիծին. ոմանք կը մտածեն, որ Ֆրանսայի որոշումէն ետք շուտով թուրքերէն կը վերցնեն մեր հողերը եւ կը վերադարձնեն հայերուն։
Նախքան «Հայք»ի բովանդակութիւնը յատկանշող այս գիծին անդրադառնալը, լրագրական առումով պէտք է միջամտութիւն կատարել ընդգծելու համար, որ «ոմանք»ը կը դառնայ խիստ հարցական, եթէ չնշուին մտածողութեան հեղինակները։ Քաղաքական գնահատականները այս մասին, առանց թերագնահատելու հայկական գործօնը, առաւելաբար կը կեդրոնանային ֆրանսական եւ եւրոպական քաղաքականութեան վրայ։ Աւելորդ չըլլար այստեղ բնական հակազդեցութեամբ հարցնելու, թէ ինչո՞ւ Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը Հայաստանի դիւանագիտական փայլուն յաղթանակ նկատուիլը կ՚անհանգստացնէ «Հայք»ը։
Վերջին հաստատումը, թէ զուտ Ֆրանսայի հանրային կարծիքին արդիւնքն էր Ֆրանսայի խորհրդարանին արձանագրածը՝ բացարձակ մերժելու համար է հայկական գործօնին դերակատարութիւնը։
«Հայք»ի գաղափարախօսութեան տէրերուն օրով, եթէ նման երեւոյթ պարզէր Ֆրանսայի խորհրդարանը, թրքական պետութեան քարոզչամեքենան կրնար բարձրաղաղակ յայտարարել, թէ երբ Հայաստան ի՛նք նման նախանձախնդրութեամբ չի մօտենար այս հարցին, Ֆրանսան ինչո՞ւ կը դիմէ այս նախաձեռնութեան։
Հիմնականը սակայն, «Հայք»ի հեգնական հաստատումն է. ոմանք կը մտածեն, որ այս որոշումով հայերը թուրքերէն կը վերստանան իրենց հողերը։ Ո՞ւր երեւցած է նման գնահատական. ո՞վ նման վերլուծում կատարած է։ Եթէ չկան համապատասխան մէջբերումները, այդ պարագային հարցումը «Հայք»ին է. ինչո՞ւ նման հաստատում կը կատարէ «Հայք»ը։
«ԱԶԴԱԿ», Հոկտեմբեր 16, 2006