Հինգշաբթի օր, իսրայէլեան օդուժի ուղղաթիռներ հրթիռային յարձակում գործեցին Կազայի օդակայանի հսկողութեան աշտարակին վրայ: Օդակայանը արդէն իսկ չէր գործեր 2000 թուականէն ի վեր:
Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, զինեալներ տեսնուած են օդակայանին մօտակայքը, եւ այդ եղած է յարձակումին պատճառը:
Պաղեստինեան աղբիւրներ ըսին, թէ զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: