ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 10ին Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ մայրաքաղաքին նուիրուած՝ «Իմ հնամեայ Երեւանի հազարամեայ քարն եմ սիրում» խորագրով ցուցահանդէսին: «Արեւ» արուեստի սրահին մէջ Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն տեղի ունեցած Երեւանին նուիրուած ցուցահանդէս-մրցոյթներու յաղթողներուն քաղաքապետարանը հնարաւորութիւն ընձեռած է իրենց գործերէն մէկ քանին ներկայացնել այս ցուցահանդէսին մէջ. «Երեւանին նուիրուած նկարներից բացի, այս անգամ նկարիչների միութեան անդամները ներկայացրել են նաեւ մի շարք այլ աշխատանքներ: Սա լաւ հնարաւորութիւն էր ներկայացնելու մեր լաւագոյն աշխատանքները», ըսաւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան երիտասարդներու միաւորման նախագահ Աննա Յարութիւնեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի երիտասարդութեան եւ մարզական հարցերու վարչութեան պետ Կամօ Մովսիսեան չափազանց կարեւոր համարեց նման ցուցահանդէսներու կազմակերպումը. «Կտաւների, քանդակների միջոցով ներկայացւում է հին եւ նոր Երեւանը: Միջոցառման ընթացքում հնարաւորութիւն կայ քննարկելու, թէ ինչ խնդիրներ կան մայրաքաղաքում, խօսելու մեզ յուզող հարցերի մասին», ըսաւ ան:
Ցուցահանդէսի բացումին նախորդած համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցան Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գտնուող երաժշտական դպրոցներու սաները, հայ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայէն ժամանած երաժիշտներ: