ՍՈՆԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Այս պահուն, լեզուէս աւելի սիրտս է, որ կը խօսի մտքիս մէջ զիրար հրմշտկող յիշատակի պատառիկներու հետ, որոնք տակաւ առ տակաւ կը խոշորնան, կը շատնան ու կ՛երկարին։
Աներեւակայելի եւ անդիմադրելի իրականութիւն. ոտքերս գամուած օտար հողի վրայ,կը դիտեմ Սուրիոյ մէջ եղած երկրաշարժը, կ՛երթամ հեռունե՜ր, կը հասնիմ մանկութեանս ափը, ուր չէի գիտեր չարն ու բարին։
Ինչպէ՞ս մոռնալ հօրենական տունս, եկեղեցիս, դպրոցս ու իրենց պէս այլ եկեղեցիներ ու դպրոցներ, որոնք մասամբ կամ ամբողջովին վնասուած են ու դարձած աւերակ։
Այս ամէնը հեռուստատեսիլի պաստառէն դիտելով՝ քրիստոնէական հաւատքի բոյր մը ծաւալելով չորս դիս, կու լամ անարցունք, աչքերս վեր բարձրացուցած կ՛աղօթեմ, ու կը հասնիմ հոն, ուր սիրտս ու հոգիս կապուած է միշտ. Հալէպ քաղաք… յատկապէս Քառասուն Մանուկ եկեղեցի, որուն հիմնաքարը, ըստ «Ռանչպարների Կանչը» գիրքի հեղինակ՝ Խաչիկ Դաշտենցի, դրած է «մի կաշեգործ սուսանի»։ Ի զուր չէր, որ մեր տան աւագ քահանայ տէր Մկրտիչ Մուրատեանէն եւ ալեհեր հայրենակիցներէս յաճախ լսած էի, « Հալպայ Քառսուն Մանուկ մերունն է» խօսքը։
Եկեղեցի, հին սրբավայր, վսեմ ու մեծափառ վեհութիւն, ուր աղօթելու պահանջքով յաճախակի այցելութիւններէս բացի, տարին երկու անգամ, որպէս Հայկազեան նախակրթարանի աշակերտ, ուսուցիչներուս հետ միասին (մեզի կ՛ընկերանար նաեւ նոյնիսկ մահմետական մեր ուսուցչուհին` օրդ «Ճազար Տըրրիէ»ն) հաղորդութիւն առնելու համար հոն կ՛երթայինք, ճիշդ այդ եկեղեցին, որուն սրբանկարներուն առջեւէն անցնելով, երբ հասած եմ, ինծի համար ամէնէն ազդու՝ դժոխքի նկարին՝ անոր ո՛չ միայն չեմ մօտեցած, այլ վախէս՝ չեմ նայած. նկար, որ վախցուցած է պզտիկներն ու չափահասները հաւասարապէս։ Երկրաշարժէն յետոյ, եթէ այդ նկարը գոյութիւն ունի տակաւին, արդեօ՞ք նոր սերունդը անոր նկատմամբ ինչպէ՞ս պիտի վերաբերի, երբ նոյն ինքը համտեսած ու ապրած է արդէն յաջորդական պատերազմի ու երկրաշարժի դժոխային օրերը…։
Որպէս քրիստոնեայ, բարիքը՝ բարիքով, առաքինութիւնը՝ առաքինութեամբ փոխադարձել սորված ենք, աւելին՝ հասկցած ենք բնութեան անկանխատեսելի արարքները, բայց անհասկնալին մեզի համար, մեր եկեղեցիներուն դիտումնաւոր քանդումն է, զինծառայողներու խոշտանգումն ու հրկիզումն է, անմարդկային «մարդոց» ձեռքով, որոնք կը փորձեն սպաննել ազգութիւն, կրօնք ու երկիր…։


Երկրաշարժը չեմ կրնար նկարագրել, բայց կը զգամ ու կ՛ապրիմ սուրիահայ հարազատներուս հոգեկան խռովքը. քաջ գիտնալով, որ քանդուած եկեղեցիներուն մէջ զանգակատան կոչնակին հաւատք, յոյս ու սէր ներշնչող ձայնը պիտի չլռէ ու անմխիթար տրտմութեան մէջ պիտի չմնայ սուրիահայը։
Փա՜ռք, հազար փա՜ռք հայազգի բոլոր մշակներուն, կրօնական թէ աշխարհական, որոնք ամէն գնով կը փութան տեսակաւոր օգնութիւններ հասցնելու ու մատակարարելու զանոնք սուրիահայ բոլոր աղէտեալներուն։
Ալեկոծ հոգիս կ՛ուզեմ, որ խաղաղի։ Այո՛, Աստծոյ գործերը անքննարկելի են. կարեւորը եղածներուն հանդէպ չխեղճանալու քաջութիւնն է, որուն հասնելու համար բոլորս, անխտի՛ր, պէտք է ունենանք տոկուն ջիղ եւ մեր զգացումներուն տիրապետելու չափ զօրաւոր անհատականութիւն. յուսահատութեան գիրկը նետուիլը չէ, որ մեզ պիտի յաջողեցնէ, այս օրերուն յոյսը միայն պիտի զօրացնէ ու կը փրկէ մեզ յոռետես ենթադրութիւններէ. լա՞նք պաղատի՞նք, բայց ո՞վ է լսողը…։
Յառաջացած տարիքիս, տակաւին կարող եմ տեսակաւոր անիւներ դարձնել, սակայն ժողովուրդիս ճակատագիրին դժբախտ անիւը հակառակ ուղղութեամբ դարձնելու անկարող, ինծի ուղղուած հարցումին պատասխան որպէս, կ՛ըսեմ․ «Հիմա գիտէք, թէ ինչու՞ լուռ եմ…»։