Երբեմն ամուսնական կամ նոյնիսկ ընկերական յարաբերութիւնները կը հասնին այնպիսի անել կացութեան, ուր կարելի է փոփոխութիւններ կամ մանր-մունր «սրբագրութիւններ» կատարելով փրկել այդ իրավիճակը: Այս փորձին յաջողութեան համար կարեւոր ազդակ է երկու կողմերուն յարաբերութեան շարունակութեան հանդէպ ունեցած հաւատքը եւ վերականգնումի փափաքը: Այս ձեւով եւ քանի մը փոքր աշխատանքներով կարելի է յարաբերութիւն մը կեանքի կոչել, նոյնիսկ եթէ անիկա հոգեվարքի մէջ կը գտնուի:
Փորձեցէք հետեւեալները…
Ա.- Շատ փոքր կեցուածքներ որդեգրեցէք
Յատուկ երեկոյ մը կազմակերպեցէք, միայն դուք եւ ձեր ամուսինը կամ կինը եւ վիպական օր մը անցուցէք միասին: Նախապէս կատարեցէք բոլոր կարգադրութիւնները եւ վստահ եղէք, որ եթէ բարի ու ազնիւ կամեցողութեամբ կատարած էք անիկա, անպայման պիտի նպաստէ: Նոյնիսկ եթէ ձեր կողակիցը մերժելու կամ չհաճոյանալու իրավիճակի մէջ գտնուի, մի նեղանաք կամ յուսահատիք: Ժամանակի ընթացքին մանր, սակայն ազդեցիկ այս կեցուածքները կրնան նկատուիլ եւ անպայման գնահատուիլ: Օրինակ, երկար ժամանակ երգ մը կը փնտռէիր ու արդէն յուսահատած հրաժարած ես զայն փնտռելէն, յանկարծ ամուսինդ ինքնաշարժիդ մէջ զետեղած է անոր սկաւառակը… լաւ զգացում է, այնպէս չէ՞…
Բ.- Իր պարտականութիւններէն մէկը ստանձնէ
Թէեւ միշտ այդ պարտականութիւնը կինը կամ ամուսինը կը կատարէ, սակայն կ’արժէ, որ օր մը հակառակ կողմը ստանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ իր արժեւորումը կատարէ այդ աշխատանքին: Օրինակի համար՝ ամանները կրնաս լուալ օր մը եւ տիկնոջդ քիչ մը ազատ ժամանակ տրամադրել, որպէսզի իրար հետ այդ ժամերը վայելէք: Կարելի է ամուսինիդ պարտականութիւններէն մէկը ստանձնել այդ օր, օրինակ, թերթերու դասաւորում, որպէսզի պարտականութիւն մը պակաս ունենայ այդ օր եւ միասին լաւ ժամանակ անցընէք, նոյնիսկ եթէ այդ ժամանակը իրարու քով նստած գիրք կարդալ է, կրկին իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունի: Երեկոյ մը ընթրիքը պատրաստած դուրս ելած ես, տուն դարձիդ կը նկատես, թէ լուացարանը պարապ է, եւ այդ մէկը շատ հազուադէպ պատահած կամ նոյնիսկ առաջին անգամն է, բայց չափազանց գնահատելի է այդ արարքը: Կրնաք երեխաներուն հոգատարութիւնը ստանձնել քանի մը ժամ, մինչ ձեր ամուսինը կամ կինը իր կարեւոր կամ նոյնիսկ հաճոյքի ժամերը կ’անըցնէ: Պայմանաւ, որ ետքը անիկա անպայման նիւթի մը մէջ չներկայացնէք որպէս ձեր կողմէն կատարուած մեծ զոհողութիւն, որուն գնահատականը բաւարար ձեւով չէ տուած ձեր կողակիցը:
Գ.- Իւրաքանչիւրը իր ազատ ժամանակը թող ունենայ
Քիչ մը առանձնանալով ու իրարնմէ հեռանալով աւելի խանդավառ պիտի ըլլաք զիրար տեսնելով: Նոյնիսկ այն զոյգերը, որոնք իրարու շատ կապուած կը համարուին, անոնք նոյնպէս առանձին ժամանակի կարիքը ունին: Այս ժամանակը փախուստ տալու համար չէ, այլ վերաթարմացումի: Առանձին րոպէներ ապրեցէք, մարզանքի երթալով կամ քալելով կամ տան մէկ անկիւնը առանձնացած գիրք կարդալով: Երբեք դուք ձեզ յանցաւոր մի զգաք: Առանձին ժամանակը կը նպասէ ձեր երկուքին ու ձեր ընտանիքին: Նաեւ իրականութիւն է, թէ իրարմէ քիչ մը հեռանալով սրտերու կրակը աւելի լաւ կրնայ բոցավառիլ:
Գործէն երբ տուն դառնաք, անպայման առիթ տուէք ձեր կողակիցին, որ ինք իր ազատ ժամանակը ունենայ: Մինչ դուք ձեր գնումը կ’ընէք, ձեր ամուսինը իր նախասիրած մէկ վայրը թող երթայ եւ ապա իրարու հանդիպեցէք տունը քիչ մը աւելի խաղաղած եւ հանգստացած:
Դ.- Գրուած նոթ մը տուէք
Ամէն անգամ հաւանաբար դիւրին չէք կրնար արտայայտուիլ կամ ժամանակը այնքան սպառած կ’ըլլայ ձեզ, որ կը մոռնաք այդպիսի քաղցր արտայայտութիւններ ըսելու: Վարժութեան վերածեցէք կարճ եւ անուշիկ նոթեր գրելը: Այս մէկը թէ՛ զգացական է եւ թէ շատ քաղցր կը թուի ստացողին համար: Պարզ բաներ թող ըլլան, երկար տողեր պէտք չունիք, սակայն սիրուն եւ ամփոփ տող մը կրնայ ամբողջ օրուան տրամադրութիւնը փոխել:
Կին մը կը պատմէ, թէ ամուսինը շատ կը ճամբորդէ եւ ան ուզած է իր ամուսինին զգացնել, թէ անոր բացակայութիւնը բաւական զգալի է իրեն համար: Երկու փոքր խաւաքարտերու վրայ սիրուն սրտեր ու խօսքեր կը նկարէ եւ պայուսակին մէջ կը զետեղէ: Ամուսինը ճամբորդութեան աւարտին երբ պայուսակը կը բանայ, շատ հաճելի կը թուի իրեն այդ անակնկալը եւ անմիջապէս կը հեռաձայնէ իր կնոջ ըսելու համար, թէ շատ սիրած է այդ անակնկալը ու նաեւ շատ կը սիրէ զինք: Ասիկա կրնայ շատ պարզ ըլլալ, սակայն շատ մեծ իմաստ ունի յարաբերութեան թարմացումին համար:
Ե.- Այո՛ ըսէք
Հաւանաբար շատ անգամ ոչ կ’ըսէք. մտածեցէք: Ձեր ամէն ըրածը կ’ուզէք չափազանց գնահատուի ձեր կողակիցին կողմէ, բայց դուք արդեօ՞ք գնահատելու իմաստով շատ առատաձեռն էք: Այսպիսի կեցուածքներ եւ անոնց պրպտումը կրնայ վտանգել յարաբերութիւնը: Չանացէք «այո» ըսելը վարժութեան վերածել: Մի մտածէք, թէ «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս»: Յարաբերութեան պահպանումը զոհողութիւններ կը պահանջէ եւ անիկա զիջում չի կրնար համարուիլ: Ժամանակի ընթացքին երբ ձեր կողակիցը կամ ընկերը կը նկատէ, թէ իր զգացումները նկատի առած էք, այդ մէկը կը գնահատուի անպայման: Խուսափեցէք ձեր ընկերոջ չսիրածը կատարելէն:
Զ.- Կամաւոր դարձէք
Միասնաբար կամաւոր եւ բարեսիրական աշխատանք մը կատարեցէք: Այսպէս երբ կրնաք միասին կարիքաւոր ընտանիք մը կամ երեխայ մը ուրախացնել, այս մէկը կը նպաստէ ձեր սիրոյ ուռճացումին եւ բարելաւումին: Վստահաբար շատ խճողուած է ձեր ժամանակացոյցը, բայց անիկա անպայման տեղ մը ունի անկարող երեխայի մը դէմքին վրայ ժպիտ գծելու կամ ծերունիի մը օգտակար դառնալու կամ բարեկամի մը կարիքը հոգալու: Անիկա կատարեցէք առանց այլեւայլի եւ առանց մտածելու, թէ ժամանակդ կը վատնես: Իրականութեան մէջ անիկա քու հոգիդ կը լեցնէ եւ սնունդ կու տայ անոր: Հոգիդ, որ պէտք ունի կանգուն մնալու, անոր միակ սնունդը այսպիսի անձնուէր կեցուածքներն են: Լեցուն հոգին աւելի շատ սիրելու եւ զոհողութիւններ ընելու պատրաստ է: Իրարու հանդէպ ձեր տածած սէրն ու գուրգուրանքը ոչ միայն կրնայ թարմացնել երկու հոգի ու էութիւն, այլ անիկա պէտք է ամբողջ շրջապատին օգնէ ու նպաստէ, որ աւելի լաւ եւ խաղաղ մթնոլորտ մը պարգեւէ բոլորին: Ի վերջոյ սիրող սրտերը առաքելութիւն մը ունին նաեւ իրենց շրջապատին եւ բնութեան հանդէպ՝ սէրը տարածել եւ աճեցնել բոլորին մէջ եւ բոլորին համար:
Սիրով, ներողամտութեամբ եւ խաղաղութեամբ կրնաք նուաճել բոլոր դժուարութիւնները: