ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջերս սպաննուած 42ամեայ Քարամ Աւտալեանի մայրը եւ չորս զաւակները Դեկտեմբեր 7ին, նախագահի նստավայրին առջեւ ինքնահրկիզման փորձ կատարեցին: Դէպքի վայր հասած հրշէջները եւ շտապ օգնութեան անձնակազմը ինքնահրկիզման փորձ կատարողները տեղափոխեցին Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու հանրապետական կեդրոն:
Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղի բնակիչ, ազգութեամբ եզիտի Ք. Աւտալեանի ազգականները կ’ակնկալեն քրէական գործի արդարացի հետաքննութիւն: