ԵՐԱՍԽ, «Նոյեան Տապան».- Երասխ-Երեւան ճամբուն վրայ, Յունուար 8ի կէսօրուան մօտ, անյայտ պայմաններու տակ «միքրոպաս» մը դուրս եկած է ճամբու երթեւեկելի մասէն եւ ինկած է կողքի խրամատը:
Արկածի հետեւանքով ինքնաշարժի վարորդը՝ Երեւանի բնակիչ Սամուէլ Աշուղաթելեան եւ ուղեւորներ՝ Արտաշէս Կոստանեան, Վազգեն Դովլաթեան, Գէորգ Գալստեան, Գրիգոր Իխտիարեան, Ալիկ Քէշիշեան, Անոյշ Մալարեանը վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած Արտաշատ քաղաքի հիւանդանոցը:
Փրկարար ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ նոյն օրը երեկոյեան, Վ. Դովլաթեան մահացած է: Միւս վիրաւորներու վիճակը միջին ծանրութեան է:
Բացի հիւանդանոց տեղափոխուած վիրաւորներէն, ինքնաշարժէն անվնաս դուրս եկած են 5 ուրիշ ճամբորդներ:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 1-7 ժամանակահատուածին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են ճամբու 23 արկածներ, որոնց հետեւանքով 3 հոգի մահացած եւ 37 ուրիշներ վիրաւորուած են եւ փոխադրուած՝ հիւանդանոց:
Ոստիկանութիւնը այս մասին հաղորդեց, թէ որ նոյն օրերուն, Հայաստանի մէջ 8 հետիոտն անցորդներ, 8 զանազան արկածներու ընթացքին, անփոյթ վարորդներու կողմէ ինքնաշարժով վիրաւորուած եւ փոխադրուած են հիւանդանոց: